Հայաստանեան Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ ՕԹԱՆ-ի Զինուորական Կոմիտէի Նիստերուն
Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ ՕԹԱՆ-ի զինուորական կոմիտէի «Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու» գործողութեան եւ «Վճռական աջակցութիւն» ձեւաչափով իրականացուելիք առաքելութեան մասնակից երկիրներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերու ձեւաչափով հերթական նիստերուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նիստերուն ընթացքին քննարկուած են Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանէն ետք ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին, Աֆղանիստանի ապահովութեան ուժերու կարիքներուն, «Աֆղանիստանի մէջ Ապահովութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու» վերատեղակայման ժամանակացոյցին, ինչպէս նաեւ «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան ծրագիրի մշակման ընթացքին, նախնական պատրաստականութեան ժամանակացոյցին, ռազմավարական հաղորդակցութիւններուն, առաքելութեան սկիզբի իրաւական խնդիրներու լուծման վերաբերող հարցեր:

