Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ամբողջ ջանքերը ի գործ պիտի դնէք իրարմէ նեղացած ու հեռացած բարեկամներ հաշտեցնելու: Անոնք գոհ պիտի մնան ձեզմէ եւ պիտի ուրախանան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կատարեալ եւ խրախուսիչ է օրը` կատարելու համար ձեր ուզածը: Դուք ձեզ յառաջ մղեցէք եւ ուշադրութիւն պիտի գրաւէք ամէն տեղ: Երջանիկ էք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը արեւոտ ըլլայ թէ ոչ, ձեր ժպիտը պիտի լուսաւորէ ձեր շրջապատը: Մայիս ամիսը ուրախութեան ամիս պիտի ըլլայ ձեզի համար: Լաւատես եղէք միշտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պտոյտ մը կատարեցէք, օգտուեցէք օրուան ստեղծած բարիքներէն, մասնաւորաբար նախընտրեցէք ծաղկաւէտ վայրերը, բնութեան բոյրերը վայելեցէք ժպիտով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեկամներ ձեզի պիտի դիմեն նոր խնդրանքով մը, որով պիտի կարենաք հաճելի պահեր ունենալ եւ զուարթ ժամանցի առիթ պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր պիտի ունենաք նոր գաղափարներ ձեր ասպարէզին վերաբերեալ օգտակար միջոցներու դիմելու: Օրը պիտի օգնէ ձեզի յաջողելու: Յառաջացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը դրական երեւոյթներ ունի, հետեւաբար կրնաք հետեւիլ նոր որոշումի մը, որով պիտի կարենաք ձեր առողջութիւնը փայլեցնել եւ քաջալերուիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յստակ եւ հաստատ նոր որոշումներ պիտի տաք բարելաւելու համար ձեր կեանքը, որքան տնտեսական, նոյնքան` աշխատանքային իմաստով: Լաւ որոշում:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ բնական է, որ այսօր բնաւ չմտածէք աշխատանքի մասին: Ձեր իրաւունքն է զուարճանալ կամ հանգստանալ` ըստ ձեր փափաքին եւ ճաշակին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր, մէկ օրուան ընթացքին պիտի կարենաք իրագործել այնքան գործ, որքան սովորաբար կը կատարէիք մէկ շաբթուան ընթացքին: Օրը արդիւնաւէտ է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մաքուր օդ շնչելու համար դուրս ելէք եւ գացէք հոն, ուր կրնաք ձերբազատիլ աղմուկէ, ճնշող մթնոլորտէ: Օրուան բարիքը վայելեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի ունենաք օգտակար զրոյց մը` զարգացնելու համար ձեր գիտութիւնը, մանաւանդ եթէ ծնողք էք եւ կամ մանկավարժ: Օրը յաջող է:

