50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1964)
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ
40-Ամեակի Տօնակատարութիւն
ՀՅԴ առաջին պատանեկան միութիւնը հիմնուած է Պէյրութի մէջ, 1923 մարտ 25-ին:
Այսօր, քառասունմէկ տարիներու արդիւնաշատ փառաւոր անցեալէ մը ետք, լաւագոյն պայմաններու մէջ եւ եռանդուն գործունէութեամբ, գոյութիւն ունին տասնմէկ պատանեկան միութիւններ:
Հազարէ աւելի պատանիներ կը դաստիարակուին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ գաղափարականով, եւ ամէն տարի, անոնցմէ բազմաթիւներ, գիտակից համոզումով, կատարելէ ետք իրենց երդումը, կը փոխանցուին ՀՅԴ շարքերը:
Այս տարի, մայիսեան այս գարուն օրերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւնները, աննախընթաց խանդավառութեամբ եւ ծրագրուած ընդարձակ յայտագրով կը տօնակատարեն իրենց քառասնամեակը:
Պատանեկան միութեանց Կեդր. վարիչ մարմինի նախաձեռնութեամբ, հինգ շրջաններու վարիչներէն կազմուած յոբելենական յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր տենդագին աշխատանք կը տանի եւ իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ծրագրուած յայտագիրը կանոնաւոր ընթացքով գործադրուի, որպէսզի տօնակատարութիւնը հասնի իր աւարտին, լաւագոյն յաջողութիւններով:
Տօնակատարութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հրապարակային խրախճանքով:
Տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 մայիս 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան ընդարձակ բակին մէջ:
Ներկայ եղան պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, ընկերներ, համակիրներ եւ բազմահարիւր պատանիներ:
Գործադրութեան դրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Բուռն ծափերու արժանացաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանի հայրենաշունչ ճառը եւ խրախճանքը յեղափոխաշունչ խմբերգներու խանդավառ մթնոլորտին մէջ տեւեց մինչեւ արշալոյս:
Յայտագրի մարզական բաժնի փինկ-փոնկի եւ պասքեթպոլի մրցումները սկսած են երթ ու դարձի դրութեամբ եւ կը շարունակուին հետաքրքրական լարուածութեամբ: Ստեղծուած է խանդավառ պայքար:
Իւրաքանչիւր պատանի, իւրաքանչիւր խումբ, մարզական եւ ընկերական սիրալիր մթնոլորտի մէջ, իր կարելի ճիգը կը գործադրէ խլելու համար առաջնութիւնը:
Մարզական այս մրցումները պիտի աւարտին մայիս 31-ին:
Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ վազքի մրցում:
Երէկ` կիրակի, 24 մայիսին, տեղի ունեցաւ զուտ պատանեկան տօնակատարութիւն քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ: Բոլոր շրջաններէ եկած պատանիներ, խանդավառ եռուզեռով, լեցուցած էին ակումբը ծայրէ ծայր: Տպաւորիչ էր մթնոլորտը:
ՀՅ Դաշնակցութեան ապագայ սերունդն էր, սրտախօս փայլ մը առած էր ակումբը, բոլորովին տարբե՜ր ընթացիկ հաւաքոյթներէ:
Անոնք եկած էին ցուցադրելու կարողութիւնը իրենց մտքի զարգացման եւ կուսակցական դաստիարակութեան: Եկած էին մասնակցելու պատանեկան ընդհանուր զարգացման մրցումին, որ կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Խօսք առին Կեդր. վարիչ մարմինի ընկերներ: Լաւագոյն տպաւորութիւններով եւ գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան պատանիները ակումբէն:
Չորեքշաբթի, 27 մայիս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ արտասանական մրցում:
Իւրաքանչիւր պատանեկան միութիւն իր ներկայացուցիչներով պիտի մասնակցի մրցումին:
Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» պիտի արտասանուի պարտադիր:
Երկրորդ արտասանութիւնը պիտի ըլլայ ազատ ընտրութեամբ:
Քառասնամեակի տօնակատարութեան վերջին այս շաբթուան ընթացքին զանազան առիթներով տեղի պիտի ունենան նաեւ երդման արարողութիւններ:
Քառասնամեակի առիթով, յոբելենական յանձնախումբը, Կեդր. վարիչ մարմինի անմիջական գործակցութեամբ, պիտի հրատարակէ «Յուշամատեան» մը` պատկերազարդ եւ ճոխ բովանդակութեամբ, նուիրուած Լիբանանի պատանեկան միութիւններու քառասնամեակին:
Խանդավառութեան այս օրերուն, ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան «Ովասիս» պարբերագիրքի նոր շրջանի Ա. թիւը, քանի մը օրերու ընթացքին ամբողջութեամբ սպառեցաւ:
Խմբագրութիւնը գոհացում տալու համար բոլորին, շուտով լոյս պիտի ընծայէ Ա. թիւին երկրորդ տպագրութիւնը: Իսկ «Ովասիս»-ի երկրորդ թիւը նուիրուած պիտի ըլլայ քառասնամեակի տօնակատարութեան:
Կիրակի, 31 մայիս, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» ընդարձակ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր տօնակատարութիւն:
Պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր` մասնակցութեամբ պատանիներու: Խօսք պիտի առնեն ղեկավար ընկերներ:
Այս մեծաշուք հանդիսութիւնը պիտի ըլլայ քառասնամեակի փառատօնը:
ՀՐԱԶԴԱՆ

