Գետինը Կը Բացուի Եւ Կը Կլլէ Ամէն Ինչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

2405posԲազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծ փոսեր յանկարծակիօրէն կը բացուին եւ կուլ կու տան մակերեսին վրայ ամէն ինչ, որ կը գտնուի: Սակայն ինչո՞ւ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը կազմուին անոնք:

Փետրուար ամսուն Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին «Քորվեթ» ինքնաշարժներու ազգային թանգարանին գետնին հսկայ փոս մը բացուեցաւ եւ անոր մէջ ինկան հաւաքածոյի թանկագին 8 ինքնաշարժներ: Այս փոսին տրամագիծը 12 մեթր էր, իսկ խորութիւնը` 9 մեթր: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կազմուեցաւ անիկա: Տակաւին ոչ մէկ պատասխան գտնուած է:

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նման բան մը կը պատահի. նման ուրիշ յանկարծակի փոսեր մեծ վնասներ հասցուցած եւ զոհեր խլած են: Մարտ 2013-ին Ֆլորիտայէն ամերիկացի մը «կուլ գացած» է իր անկողինին մէջ քնանալու ընթացքին: Անոր սենեակին տակը բացուած փոսը 30 մեթր տրամագիծ ունէր եւ` 15 մեթր խորութիւն:

***

Այս հսկայական փոսերը անգլերէնով կոչուած են «սինքհոլ», որ կը նշանակէ լուացարանի ծակ: Անոնք կրնան ունենալ 1-600 մեթր տրամագիծ:

Զօրաւոր անձրեւներէ, խողովակներուն կամ կոյուղիներուն մէջ ջուրի ծակ մը բացուելէ ետք գետնին տակ մեծ քանակով ջուր կը հոսի: Անիկա կը հալեցնէ կրային ժայռերը եւ մեծ պարապութիւն մը կը կազմուի: Մակերեսին վրայի հողը կը կքի:

***

Կուաթեմալայի մէջ 2010 թուականին 30 մեթր տրամագիծով եւ 70 մեթր խորութեամբ փոս մը բացուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ: Անիկա կուլ տուած Է 3 յարկանի շէնք մը եւ խաչմերուկ մը, բարեբախտաբար` առանց զոհեր խլելու: Գետինը կքած է փոթորիկէ մը ետք: Սակայն այս երեւոյթը արագացած է գետնին տակը գտնուող խողովակներու դրութեան եւ մակերեսին վրայ փոխադրակառքերէ յառաջացած թրթռացումներուն պատճառով:

Այս հսկայական ծակերը յաճախակի են երկրագունդին կարգ մը շրջաններու մէջ, յատկապէս` ամերիկեան բազմաթիւ նահանգներու մէջ, կամ` Չինաստանի մէջ, ուր 2009 թուականին յառաջացան 129 փոսեր:

 

Երկրագունդին Զոյգը

2405keplerԱստղագէտներու խումբ մը գտած է, մեր արեգակնային դրութենէն դուրս, երկրագունդին չափով առաջին մոլորակը:

Ինչո՞ւ այս մոլորակը իւրայատուկ է:

Անոր իւրայատկութիւնը իր չափն է: Մինչեւ հիմա ամերիկեան անջրպետային աստղադիտակի` «Քեփլեր»-ի գտած մոլորակները երկրագունդէն 1,4 կամ 2 անգամ աւելի մեծ էին: «Քեփլեր -186ֆ» անուանուած այս մոլորակը մեր երկրագունդին նմանող մոլորակ մըն է:

Ինչէ՞ բաղկացած է անիկա

Շատ հաւանաբար ան կազմուած է ժայռերէ, եւ ջուր գոյութիւն ունի անոր վրայ: Անիկա կը գտնուի բնակելի շրջանի մը մէջ, իր աստղէն ո՛չ շատ հեռու, ո՛չ շատ մօտ: Հետեւաբար ան ո՛չ շատ տաք է, ո՛չ ալ շատ պաղ: Ըստ առաջին ուսումնասիրութիւններուն, մթնոլորտային պայմանները յարմար են, որպէսզի ջուր (հեղուկ վիճակի մէջ) գոյութիւն ունենայ անոր մակերեսին վրայ: Սակայն այժմ այս բոլորը ենթադրութիւններ են:

Արդեօք հոն կեանք կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ, կամ` գոյութիւն ունեցա՞ծ է:

Սկզբունքով հոն ջուր գոյութիւն ունի: Եւ այս դրութիւնը գոյութիւն ունի միլիառաւոր տարիներէ ի վեր: Հոն հաւաքուած են բոլոր պայմանները, որպէսզի կեանք գոյութիւն ունենայ:

Ամերիկեան անջրպետային նոր աստղադիտակ մը` «Ճէյմս Ուէպ», պիտի արձակուի 2018 թուականին: Արդեօք անիկա պիտի կարենա՞յ մեզ աւելի լուսաբանել:

Հաւանաբար` ո՛չ: «Քեփլեր-186ֆ» աստղը շատ լուսաւոր չէ: Եւ այս նոր մոլորակը մեզմէ շատ հեռու է, 500 լոյսի տարի (մէկ լոյսի տարին հաւասար է 9460 միլիառ քիլոմեթրի): «Ճէյմս Ուէպ» աստղադիտակը պիտի չկարենայ ուսումնասիրել անոր մթնոլորտը: Նման պատասխան մը ստանալու համար տակաւին պէտք է հնարել շատ զարգացած եւ ճշգրիտ գործիքներ:

2009-ին արձակուած «Քեփլեր» աստղադիտակը  տակաւին մեզի անակնկալներ կը պահէ՞:

Սկիզբը աստղադիտակը յայտնաբերած է աւելի մեծ մոլորակներ: Արեւուն շուրջ 365 օրէն դարձող երկրագունդին չափով մոլորակներ գտնելու համար պէտք է քանի մը տարին ուսումնասիրել` նշան մը լաւ բացատրել կարենալու համար: Հետեւաբար այս բոլոր տուեալները կ՛ուսումնասիրուին տակաւին: «Քեփլեր -186ֆ» իր աստղին շուրջ կը դառնայ 130 օրէն: Յառաջիկայ ամիսներուն, տարիներուն ընթացքին, վստահաբար, ուրիշ յայտնաբերումներ տեղի պիտի ունենան:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ կօշիկները: Իւրաքանչիւր կօշիկ 3,8 մմ երկարութիւն ունի, 1,8 մմ` լայնք եւ 2,2 մմ` բարձրութիւն:

Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ կօշիկները: Իւրաքանչիւր կօշիկ 3,8 մմ երկարութիւն ունի, 1,8 մմ` լայնք եւ 2,2 մմ` բարձրութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կիյերմօ Կոնզալես իր պզտիկ խոզուկները այնքան կը սիրէ, որ անոնց համար իր տան նման յատուկ փոքրիկ տուն մը շինել տուած է անոնց համար, եւ զետեղած է իր Օսթընի (Թեքսաս) տան նստասենեակին մէջ:

Կիյերմօ Կոնզալես իր պզտիկ խոզուկները այնքան կը սիրէ, որ անոնց համար իր տան նման յատուկ փոքրիկ տուն մը շինել տուած է եւ զետեղած է իր Օսթընի (Թեքսաս) տան նստասենեակին մէջ:

2405anhavadali-2

Լիզա Քորթնիյ աշխարհի մէջ ամէնէն շատ Փոքեմոնի կերպարներ ունեցող անձն է: Մինչեւ հիմա անոր հաւաքածոն հասած է 13.400 կերպարի: Փոքեմոնները «նուաճած» են Անգլիոյ մէջ անոր տունը: Ան անոնցմով այնքան մտահոգ է, որ կանոնաւոր կերպով կը ճամբորդէ Ճափոն, ուր այդ կերպարներուն վիտէօ-խաղը ստեղծուած է, վերջին օրինակները ձեռք ձգելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2405anhavadali-5

2405anhavadali-4

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Ճոն Քոքըրի նախասիրած ժամանցը հրթիռներ շինելն է: Ան շինած է ութ հրթիռներ` անոնց տալով մոմէ մատիտներու հսկայական տուփի մը ձեւը: Վեց տարուան աշխատանքէ ետք ան ուղղուած է Նեւատայի անապատը` զանոնք թռցնելու համար: Միայն չորս մատիտներ արձակուեցան, սակայն անոնք հասան 892 մեթր բարձրութեան:
  • Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին մէջ արգիլուած է գրպանին մէջ պաղպաղակ դրած պտտիլ:
  • Երբ կը փռնգտաս, մանրէները եւ աղտոտութիւնները բերնէդ կ՛արձակուին ժամական 56 քմ արագութեամբ:
  • Գոյութիւն ունի ձուկի տեսակ մը, որուն ակռաները անոր ստամոքսին մէջ կը գտնուին, իսկ երիկամները` անոր գլխուն մէջ:
  • Աչքի քթթոց մը կը տեւէ մօտաւորապէս 0,3 երկվայրկեան:
  • Թեւատները կրնան իրենց գլուխները դէպի ետեւ ծռել իրենց կռնակը քերելու համար: Անոնց վիզը ունի զոյգ յօդեր, որոնք անոնց կարելիութիւնը կու տան հասնելու իրենց մարմնին վրայ ամէնէն դժուար վայրերը:
  • Նորվեկիոյ մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը «Դժոխք» է:
  • Բուերը երեք կոպ ունին:
  • Անգլիացի ագարակապաններ նշմարած են, թէ իրեն կովերը  տարբեր բառաջներ ունին, ըստ իրենց հօտերուն:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել թիթեռնիկին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել թիթեռնիկին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել թեւատին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել թեւատին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տախտակին մէջ համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս գտնել թիւերուն տախտակին մէջ համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES