ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Յունիս 19-ին, Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիգրանակերտ (այժմ` Տիարպեքիր) քաղաքին մէջ, խումբ մը հայ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան սուրբ պատարագ մատուցեց վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ:

Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր այս առթիւ յայտնեց, թէ անցեալին պատահած դառնութիւններն ու անողոք արարքները դատապարտելով` նոր հանգրուանի մը սկիզբը պիտի դրուի Տիգրանակերտի մէջ:

Վերոնշեալ արարողութեան նախորդող օրերուն քաղաքապետ Պայտեմիր յայտարարած էր, որ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ անպայման խաչ պիտի զետեղուի: Ան ըսած էր. «Եթէ մզկիթ մը մինարեթ չունի, չի կրնար մզկիթ համարուիլ: Նոյնպէս, եկեղեցի մը չի կրնար ամբողջական կրօնական կառոյց դառնալ` առանց խաչի: Հետեւաբար Սուրբ Կիրակոսը խաչ պիտի ունենայ իր գմբէթին»:

Պայտեմիր անդրադառնալով քաղաքի պատմութեան` յայտնած է. «Տիարպեքիրը (Տիգրանակերտը, Ա.) բազմակրօն, բազմամշակութային եւ բազմալեզու քաղաք է: Ան որքան իսլամներուն կը պատկանի, նոյնքան ալ քրիստոնեաներուն կը պատկանի: Ժամանակին հայերն ու ասորիները մեր հայրենակիցները եղած են: Թէեւ այսօր անոնք սփռուած են աշխարհի չորս կողմը, սակայն ես յոյս ունիմ, որ օր մը անոնք կը վերադառնան»:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ հայկական եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ պատերու արձանագրութիւններուն վրայ կառուցման տարեթիւ կը նշուի 1515-1518 թուականը: Կրնայ ընդունիլ 1400 հաւատացեալ:

1913-ին եկեղեցւոյ զանգակատունն ու գմբէթը փուլ եկած են կայծակի հարուածին պատճառով, որմէ ետք եկեղեցւոյ գմբէթը վերանորոգուած է ոսկեզօծ խաչով: 29 մեթր բարձրութեամբ նոր գմբէթը 1915-ին թրքական բանակի թնդանօթները պայթեցուցած են, որովհետեւ շրջակայ մզկիթներու մինարեթներէն աւելի բարձր էր:

1915-էն ետք Սուրբ Կիրակոսը կիսաւեր վիճակի մատնուած է եւ դադրած է գործելէ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս զինանոց, իսկ պատերազմէն ետք` իբրեւ մթերանոց:

1960-ին եկեղեցին վերադարձուած է Տիգրանակերտի հայութեան, սակայն նիւթական անբաւարար պայմաններու տակ գտնուելով` տարիներով մնացած է անխնամ վիճակի մէջ:

Եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերը կը գնահատուին 2.5 միլիոնով: Սփիւռքի եւ Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած նուիրահաւաքներու շնորհիւ` արդէն գոյացած է պատկառելի գումար: Տիգրանակերտի քաղաքապետութիւնը նոյնպէս կատարած է նուիրատուութեան իր բաժինը:

Share this Article
CATEGORIES