2014-ի Մոնտիալ. Վան Փերսի Կրնայ Բացակայիլ Հոլանտայի Կազմէն

2205van-persieՄանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի շատ հաւանաբար բացակայի այս ամառ Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալէն, կը հաղորդէ ArmSport.am` մէջբերելով «Լ՛ԷՔԻՓ» պարբերաթերթին հրապարակած մէկ լուրը:

30 տարեկան Վան Փերսի ազգային խումբի իր խմբակիցներուն հետ տեղի ունեցած փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ:

Անոր ստացած վնասուածքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին այլ առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES