Պասքեթպոլ. Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Անուան 3-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

2205hoops-fԻնչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ Հուփս Ռիատի Պէյրութ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, քանի մը շաբաթավերջերու վրայ տեղի ունեցաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարիքային 3-րդ մրցաշարքը` 1996-97, 1998-1999 եւ 2000-2001 դասակարգերուն մէջ:

Մրցումները տեղի ունեցան Հուփսի Հազմիէ ակումբին եւ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն` Ռիատի Պէյրութ, Շանվիլ, Մութթահետ, Սպաքթ, Շիահ, Ժունիէի ֆրանսական եւ Շուէյֆաթի Սապիս վարժարաններուն:

3 դասակարգերու տիտղոսներուն ալ տիրացաւ Հուփս Ռիատի ակումբը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Թէ. Լէ. Լիպան» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Թալալ Մաքտեսիի եւ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսոյի:

 

Share this Article
CATEGORIES