Արմէն Համբարձումեան Կրնայ Փոխ Տրուիլ Սոքոլի
Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Մոսկուայի Բանակայիններու միջնապահ Արմէն Համբարձումեան, որ Հայաստանի հաւաքականի թեկնածու է, շատ հաւանաբար փոխ տրուի Սոքոլի, որ իրաւունք ստացած է ելոյթ ունենալու Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին:
Համբարձումեան 2010-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Մոսկուայի բանակայիններու տարիքային տարբեր խումբերուն հետ: Անոր երիտասարդներու խումբին հետ մասնակցելով 28 մրցումի, ան նշանակած է 6 կոլ:
Նշենք, որ Համբարձումեան ծնած եւ մեծցած է Սարաթովի մէջ, որուն խումբերէն մէկն է նաեւ Սարաթովը:
CATEGORIES Մարզական

