Թրքական Երկու Ակումբներ Կրնան Կախակայուիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Կողմէ
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ թրքական երկու ակումբներ` Էշքիշեհիրսփոր եւ Սվազսփոր, կրնան զրկուիլ «Եուրոփա լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին մասնակցելու իրաւունքէն, եթէ փաստուի, որ անոնք ապօրինի կերպով ապահոված են եւրոպական այս մրցաշարքի իրենց տոմսը:
Կասկածներ կան, որ 2011-ին անոնք երկու անգամ դիտումնաւոր կերպով պարտուեցան Ֆեներպահչէէն, այսպիսով վերջինիս թոյլ տալով դառնալ Թուրքիոյ ախոյեան, իսկ իրենք եւրոպական մրցասպարէզ հանդէս գալու իրաւունք ձեռք ձգեցին:
Անոնց ճակատագիրը պիտի վճռուի 2-3 յունիսին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կարեւոր մէկ համագումարին ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական

