Արշակ Քորեան Հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Կրտսերներու Ազգային Խումբ

2205archag-koryanՌուսիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Տմիթրի Ուլիանով հրապարակեց անունները այն 23 մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2014-ի զտումի մրցումներուն:

Ան նկատի առաւ նաեւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յառաջապահ Արշակ Քորեանը, որ կը նկատուի բաւական խոստմնալից ֆութպոլիստ մը:

Սակայն այդ 23 մարզիկներէն միայն 18-ն պիտի մասնակցին զտումի մրցաշարքին:

Ռումանիայէն բացի Ռուսիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Աւստրիա եւ Նորվեկիա:

Share this Article
CATEGORIES