Պեռնար Շալանտ. «Ընտրեցի Այս Ֆութպոլիստները Եւ Բոլորին Կը Վստահիմ»

2205trainingՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին փորձերէն ետք, նոր գլխաւոր մարզիչ զուիցերիացի Պեռնար Շալանտ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` իր կողքին ունենալով Եուրա Մովսիսեանն ու Հենրիխ Մխիթարեանը:

Հարցումի մը պատասխանելով Շալանտ ըսաւ. «Ինչպէս բոլորդ ալ տեղեակ էք, ես նոր մարզիչ եմ եւ կ՛ուզեմ առաւելագոյն ձեւով բարեկամական մրցումներ կատարել, զօրաւոր խումբ մը մէջտեղ բերել: Յառաջիկային տեղի ունենալիք երեք մրցումները շատ կարեւոր կը նկատուին ինծի համար: Ընտրեցի այս ֆութպոլիստները, որովհետեւ բոլորին ալ կը վստահիմ: Ընդհանուր առմամբ, բոլորէն ալ լաւ տպաւորութիւն ստացայ: Այժմէն չեմ կրնար ըսել, որ մէկ կամ երկու յարձակողականով պիտի մրցինք, որովհետեւ ատիկա այդքան կարեւոր չէ: Կարեւորը բոլոր մարզիկներուն միջեւ համագործակցութիւնն է, մանաւանդ` դաշտին վրայ»:

2205coachԵրբ հարց տրուեցաւ Շալանտի, թէ ան որքանո՞վ ուշադրութիւն դարձուց մարզիկներուն կատարած ակումբներու ելոյթներուն, ան ըսաւ. «Ինչպէս Հայաստանի մէջ, նոյնպէս ալ Ռուսիոյ մէջ հետեւեցայ ակումբներուն կատարած մրցումներուն եւ լաւապէս ուսումնասիրեցի հաւաքականին թեկնածուները: Բոլորս ալ գիտենք, որ պիտի սկսինք պատրաստուիլ Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Անոնք երկար պիտի ըլլան, եւ պէտք է ամէն ինչ յստակացնենք, որպէսզի անոնց ընթացքին խնդիրներ չունենանք: Տրամադրութեանս տակ ունիմ հրաշալի ֆութպոլիստներ, որոնք շատ լաւ արդիւնքի կրնան հասնիլ: Ինծի համար շատ կարեւոր է մրցակիցին վրայ կիրարկել փրեսինկը, եւ այդ մէկը` յետսապահ-միջնապահ-յարձակողական ճակատներուն վրայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES