Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ Եւ Ռիատի Պէյրութ` Առաջին Դիրքին Վրայ
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ժընուպ Թուլ եւ Ռիատի Պէյրութ կը գրաւեն առաջին դիրքը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Նատուա Քամաթիէի դէմ իրենց կատարած վերջին մրցումին:
Այսօր` ուրբաթ, 23 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ տեղի կ՛ունենան 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
CATEGORIES Մարզական

