ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտի Մասնաճիւղը՝ Քառասուն Տարեկան
1974 նոյեմբերին հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտի մասնաճիւղը` իր հովանիին տակ առնելով Ֆանարի, Նահր Մոթի, Մար Եուսուֆի, Ամանոսի եւ Ռաուտայի շրջաններուն մէջ բնակող հայ երիտասարդները եւ պատանիները` որպէս սկաուտներ եւ մարզիկներ:
Հիմնադիրները մեծ բծախնդրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ հետեւեցան աշխատանքին, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի իրենց ծրագիրը եւ կարելի ըլլայ ծառայել ՀՄԸՄ-ի բարձր նպատակին` պատրաստել ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ միտքով առողջ սերունդ, որ ապագային պիտի նպաստէ հայ ազգի յառաջխաղացքին եւ վերելքին:
1998 թուականին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 5 շրջաններու բաժանում եւ ծովեզերեայ շրջանները (Մար Եուսուֆ, Ամանոս եւ Նահր Մոթ) շարունակեցին գործել ՀՄԸՄ Ժտէյտիի անուան տակ, իսկ բարձունքի վրայ գտնուող շրջանները (Ֆանար, Ռաուտա) գործեցին ՀՄԸՄ Պաուշրիէ անուան տակ:
16 մայիս 2014-ին ԼՕԽ-ի Անահիտ ակումբին մէջ մտերիմ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ մասնաճիւղի 40-ամեակը: Աւելի քան 75 նախկին անդամներ` հիմնադիրներ, վարչականներ, սկ. խորհուրդի անդամներ, սկաուտ խմբապետներ, մարզիկներ, ինչպէս նաեւ ներկայիս գործօն վարչականներ, սկ. խորհուրդի անդամներ եւ սկաուտ խմբապետներ համախմբուած էին` վերապրելու քառասուն տարուան յիշատակները, փոխանցելու ներկայ սերունդին անկեղծ եւ նուիրական այն ապրումները, զորս ունեցած են ՀՄԸՄ-ի հովանիին տակ գործողները Ժտէյտի մասնաճիւղի յարկին տակ:
Սիլվա Սաղըրեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք, ապա ծանօթացուց մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով կատարուելիք ձեռնարկներուն:
Ապա ներկաները դիտեցին 1974-էն 2014-ի աշխատանքներու զանազան նկարներ, որոնք ՀՄԸՄ-ականները վերադարձուցին յիշատակներով լեցուն նախկին օրերու. ընդհանրապէս բոլորը ունեցան հետաքրքրական արտայայտութիւններ: Իսկապէս վերապրեցան յիշատակներ, որոնք հաճելի եւ անմոռանալի էին:
40-ամեակի կարկանդակը, որ նուիրած էր Միհրան Ադամեանի կողմէ, հատեցին վարչութիւններու ատենապետներ:
Հանդիպումը շարունակուեցաւ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Սրտի խօսք արտասանեցին Յակոբ Քէշիշեան, Գէորգ Աւընեան, Նուպար Ռումուլեան: Հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

