«Հայ Մամուլը Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Անգարայի Քարոզչական Գործողութիւններուն». Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

Ձախէն աջ՝ դոկտ. Յարութիւն Մարութեան, Շահան Գանտահարեան եւ Թաթուլ Յակոբեան
Այս տարուան 24 ապրիլին լոյս տեսաւ լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթի բացառիկ հատորը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան եւ 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուող նախաձեռնութիւններուն: Տարեկան դրութեամբ «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ երկու բացառիկ թիւերու, մէկը` Հայոց ցեղասպանութեան կը նուիրուի, լոյս կը տեսնէ իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին, իսկ միւսը կը հրատարակուի Նոր տարիին, կ՛ամփոփէ ամբողջ տարուան իրադարձութիւնները:
«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան 22 ապրիլին Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին հետ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ այս զոյգ հրատարակութիւններուն, յատկապէս ապրիլ 24-ի բացառիկին մասին: Ան յայտնեց, որ «Ազդակ» լոյս կը տեսնէ ամէն օր, կը բաղկանայ 10 էջերէ: Շահան Գանտահարեան տեղեկացուց, որ Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած աշխատանքները պէտք է նպատակ ունենան հանրային կարծիք ձեւաւորել:
«Քաղաքական, պատմական, իրաւական շեշտադրումները պէտք է յստակ ըլլան 100-ամեակին ընդառաջ: Անգարան պիտի դիմէ քարոզչական գործողութիւններու, որոնց պէտք է պատրաստ ըլլայ հայկական մամուլը: Անպայման պէտք է նկատի ունենալ թրքական գործօնի աշխուժացումը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Լիբանան արաբական միակ երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուստի թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը կիրարկելու դիմաց արդէն իսկ արգելք կայ եւ կարելի չէ այդ մէկը կատարել», յայտարարեց Շահան Գանտահարեան:
Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին համաձայն` շեշտը պէտք է դրուի հատուցման եւ անոր իրաւական ծրագիրի մշակման վրայ:

