Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան Հարիւրամեակին Առիթով

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

IMG_1503Մանկութեանս յատկանշական կիրակիներէն մէկն էր. օր մը, որ ցմահ դրոշմուած պիտի մնայ յիշողութեանս մէջ:

Թեթեւ անձրեւը  կը մաղէր Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ. մենք` ՀՄԸՄ-ի մրջնիկ, գայլիկ, արենուշ, սկաուտ, կակուղ թաթիկ, կենսունակ փաղանգ մը, կարգապահօրէն իրարու ետեւ շարուած, բարեւի կեցած, դրօշակի արարողութեան ծայր կու տայինք, երբ հետաքրքրութեամբ հայեացքս դէպի մուտքի աստիճաններուն վերը հաւաքուած բազմութեան նետեցի: Դարձեալ հոն էր մարդը. վերարկուն ու գլխարկը հագած, թեթեւ ժպիտ մը դէմքին, թեւերը ետեւ` կռնակին տարած, ուշադրութեամբ մեզ կը դիտէր:

Կը տեսնէի զինք ամէն Աստծոյ կիրակին. բոլոր հոն հաւաքուողները գայլիկ մը, կակուղ թաթիկ մը իրենց թեւերուն տակ առած արարողութենէն յետոյ կը մեկնէին, իսկ ինք` ձեռնունայն, կռնակը կը դարձնէր մեզի ու մտածկոտ կ՛ուղղուէր դէպի ակումբի մետաղեայ դուռը, դուռէն դուրս` դէպի ձախ կը թեքէր ու փողոցէն դէպի վար կը նետէր դանդաղ քայլերը:

IMG_1372Այդ օր նկատեցի, որ հայրս ալ հոն էր: Սովորաբար չէր գար. մենք, այլ մրջնիկներու հետ միասին, ազատ-համարձակ ցատկռտելով, խաղալով մեր հայաբոյր փողոցներէն կ՛երթայինք դէպի տուն, անշուշտ` այն օրերուն, երբ ռմբակոծումը դադրած ըլլար: Այդ օր նկատեցի, որ հայրս մարդուն քովը կեցած` կը զրուցէր: Արարողութենէն ետք ես ու քոյրս ինքնաբերաբար մօտը վազեցինք. անհամբեր` ձեռքը վար քաշեցի, մարմնովս ոտքին հպեցայ ու գլխարկիս տակէն`

– Պապա՛, ո՞վ է մարդը,- թռաւ բերնէս:

– Մա՞րդը. ձագ, ծանօթացնեմ, պրն. Մուշեղն է, Մուշեղ Իշխանը, մեր Իշխանը:

Ինչ ըսին իրարու անկէ ետք` չեմ յիշեր. հաւանաբար այդքան ալ կարեւոր չէր ինծի համար, որովհետեւ ես բերանաբաց, աչքս դուրս ինկած, շշմած-մնացած էի… սթափեցայ, երբ զգացի ձեռքին ջերմութիւնը: Ձեռքը տարաւ գլխարկիս, շոյեց գլուխս, ու հոն առաջին անգամ ըլլալով ճաշակեցի հայ բանաստեղծի մը ֆիզիքական գոյութիւնը… որ ինծի համար թագաւորներու ու պարիկներու աշխարհէն փրցուած, հրաշքի կտոր մը եղաւ կարծես:

Այնուհետեւ, կը նշմարէի զինք Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ծառերու հովանիին ներքեւ, անդին` քարէ նստարանի մը վրայ, «Վասպուրական» սրահին մէջ, դուրսը` թաղին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ակումբի աստիճաններու գլխուն… Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն ներս, երբ կ՛երթայի չարաճճիօրէն հօրս գործը խանգարելու…: Հազա՜ր երանի այդ օրերուն… եւ կամ, Մուշեղ Իշխան պիտի ըսէր, մնաս բարով իմ անուշ, իմ արի մանկութիւն…

Շաբաթ, 26 ապրիլի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ գրասէր հասարակութիւնը եկած է յարգանքի տուրք մատուցելու իր սիրելի բանաստեղծին, դաստիարակին: Ոմանք` վերյիշելու ու վերապրելու այն յիշատակելի պահերը, զորս ապրած էին Մուշեղ Իշխանի ներկայութեան, իր շունչին տակ, իր հայրական հովանիին ներքոյ:

Բուն անունով` Մուշեղ Ճենտերեճեան, 1913-ին Սիվրիհիսարի ծնունդ, որբութեան արհաւիրքը ճակտին կրած, աքսորի դառն համը ճաշակած մանչուկը  հետագային պիտի դառնար գրական, ուսուցչական, հրապարակագրական հսկայ վաստակի տէր, սփիւռքահայ գրականութեան ամէնէն փայլուն աստղերէն, խոր համակրանքի ու վսեմ յարգանքի արժանացած դաստիարակ, գաղափարի անխոնջ նուիրեալ` մեր բոլորին սիրելի Մուշեղ Իշխանը:

Եղեռնի դաժան օրերուն կը կորսնցնէ հայրը, կը բաժնուի մօրմէն, եղբօրմէն ու հասակ կ՛առնէ հօրեղբօր կնոջ` «մայրիկ»-ին խնամքին տակ… երեսունեօթը տարիներու բաժանումէ ետք է միայն, որ կը հանդիպի իր հարազատ մօրը` «հաճի մամա»-ին: 1915-ին ընտանեօք կը բռնեն աքսորի ճամբան, դէպի Տէր Զօր եւ այնուհետեւ, երկար թափառումներէ ետք, կանգ կ՛առնեն Դամասկոս: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ ինք իր ինքնակենսագրութեան մէջ.

«Մանկութեանս վերջին լաւագոյն տարիները անցած են Դամասկոս: Վկայական ստացած եմ Հայոց ազգային վարժարանէն, 1928 թուականին: Արհեստ սորվելու ձախորդ փորձերէ ետք յաջողեցայ ինքզինքս նետել Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը, ուր մնացի դպրոցական երկու տարեշրջան` աշակերտելով Յակոբ Օշականին: Ուսուցիչներէս միայն իր անունը կը յիշատակեմ, որովհետեւ իր անունին հմայքն էր զիս հոն քաշողը եւ իր գրական ըմբռնումներն ալ հետագային խոր ազդեցութիւն ունեցան իմ կազմաւորմանս մէջ: Մելքոնեանի ընթացքը առանց աւարտելու, երբ արձակուրդ եկայ Պէյրութ, 1930 թուականին, դարձայ գիշերօթիկ սան Շանթի եւ Աղբալեանի նոր բացած Հայ ճեմարանին»: Ճեմարանը աւարտելէ ետք Մուշեղ Իշխան կը դառնայ ուսուցիչ եւ կոչումին հաւատարիմ կը մնայ մինչեւ մահ: 1938-40-ական թուականներուն կը մեկնի Պելճիքա եւ Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ կը հետեւի մանկավարժութեան եւ գրականութեան դասընթացներու: Համաշխարհային Բ. պատերազմին պատճառով կիսատ կը ձգէ ուսումը եւ կը վերադառնայ Պէյրութ. Ճեմարանի մէջ կը շարունակէ դասաւանդել հայ լեզու եւ գրականութիւն, մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն:

Կ՛արժէ նշել,  որ Մուշեղ Իշխան նաեւ մասնակցած է Նիկողայոս Ադոնցի հիմնադրած հայագիտական ամբիոնի դասընթացներուն, Պրիւքսէլի համալսարանի մէջ. այս մասին ան կ՛անդրադառնայ իր «Իմ ուսուցիչներս» հատորին մէջ: 1941-51 տասնամեակին կը վարէ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան պաշտօնը: Մուշեղ Իշխան Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ որպէս ուսուցիչ կը գործէ մինչեւ իր կեանքի վերջը: Ճեմարանի մէջ իր պաշտօնավարութենէն անդին` Մուշեղ Իշխան կը դասաւանդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Սրտի տագնապի պատճառով իր աչքերը կը փակէ 1990 յունիսին, իր սիրելի Ճեմարանի կողքի թաղին, ՀՄԸՄ-ի դաշտէն հազիւ քանի մը քայլ վար, Արեւմտեան Պէյրութի մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Նշան Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, ապա դագաղը ուսամբարձ կը փոխադրուի  Պուրճ Համուտի մուտքէն մինչեւ Տորա, ապա կ՛ամփոփուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ:

Ձեռնարկը ծայր կ՛առնէ բանաստեղծին ձայնով` մեծ յուզում յառաջացնելով, մանաւանդ` իր աշակերտներուն ու զինք անձամբ ճանչցողներուն մէջ. «Սիրտ իմ խելագար»-ը կը հնչէ Մուշեղ Իշխանի շուրթերէն, մինչ լուսարձակը կը կեդրոնանայ բեմին կեդրոնը զետեղուած Մուշեղ Իշխանի դիմանկարին ու շուրջը պատող այբուբենի տառերուն վրայ: Բեմի յարդարումը սիրայօժար գործն է արուեստագէտ Արա Տէր Յարութիւնեանի: Քիչ անց սրահի լուսաւորումը կը բացայայտէ ձախին զետեղուած դաշնամուրը, ծաղկամանին մէջէն ցայտող կարմիր վարդերը ու կանաչները: Բեմի կեդրոնը բարձրացած Մուշեղ Իշխանի դիմագիծին ներքեւ կան գրասեղան մը ու հինգ աթոռ. աջին` կախիչի մը վրայ զետեղուած է գլխարկ մը ու երկար վերարկու մը:

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան: Ան նախ կը հրաւիրէ ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն ու աւելի անմեղ զոհերուն, ապա ներկաներուն հետ կը բաժնէ այն կախարդական պահը, երբ հանդիպեցաւ Մուշեղ Իշխանի (ներկայացուած վերը). կենսագրական հակիրճ ներկայացումէ ետք յայտագիրը կը շարունակուի Մեղեդի Գալուստեանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» ասմունքով, որուն խորհուրդը այսօր աւելի քան երբեք թարմ ու հարազատ կը հնչէ: Տպաւորիչ երեւոյթ է յայտագրին մէջ Մուշեղ Իշխանի աշակերտներուն մասնակցութիւնը. իրերայաջորդ հերթականութեամբ բեմ կը բարձրանան` Վազգէն Թերզեան, Ռիթա Թոքաճեան-Սրապեան, Զեփիւռ Տատուրեան-Տորնա, Մուշեղ Գարագաշեան: «Մուշեղ Իշխան մարդն ու դաստիարակը իր աշակերտներու յուշերուն ընդմէջէն» հարցազրոյցը հեզասահօրէն կը վարէ Վարագ Պապեան. հոն արծարծուած յիշատակներն ու մտաբերումները հոգեկան յուզում ու գոհունակութիւն կը պատճառեն ներկաներուն: Յետոյ, պատշաճօրէն «Սիրելի ուսուցիչ»-ը իր հրապուրիչ ձայնով կը մեկնաբանէ գաղութիս ծանօթ արուեստագէտ Րաֆֆի Տէր Պօղոսեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մարինէ Տէր Պօղոսեանի:

Մուշեղ Իշխան բանաստեղծն ու արձակագիրը կեանքի կը կոչուի Մուշեղ Գարագաշեանի կողմէ մատուցուած համապարփակ խօսքով, որով ներկաները առիթ կ՛ունենան շրջագայելու Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործութիւններու անդաստանին մէջ` համտեսելով բանաստեղծութիւններէ ու թատրերգութիւններէ քաղուած հատուածներ: Իր հեղինակած հատորներէն են` հռչակաւոր «Մնաս բարով մանկութիւն»-ը, «Ոսկի աշուն», «Հացի եւ լոյսի համար», «Հացի եւ սիրոյ համար», «Իմ ուսուցիչներս», «Իրիկնալոյս ռումբերու տակ» եւ այլ, նաեւ` «Արդի հայ գրականութիւն» դասագիրքերու եռահատոր շարքը: Մուշեղ Իշխանի պարզ լեզուն ու քնարական ոճը, առաքինի մարդու ու վեհ հայու հոգին ներկայ են իր տողերուն մէջ: Իր նշանաւոր բանաստեղծութիւններէն` «Ես Մասիսը չտեսայ»-ն կ՛ասմունքէ Արեն Մնացականեան. կը յաջորդէ տեսահոլովակի ընդմէջէն վկայութիւններու շարք մը` Սիլվա Կապուտիկեանի, Պօղոս Սնապեանի, Յակոբ Պալեանի, Շահան Գանտահարեանի ու Շաղիկ Մկրտիչեանի կողմէ, ու յետոյ իր ամէնէն սրտաճմլիկ բանաստեղծութիւններէն` «Յիշեցէք զիս»-ը կ՛ասմունքէ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան` յուզումի մատնելով ներկաները: Յայտագրի վերջին բաժինին մէջ «Կիլիկիոյ արքան» թատրերգութենէն տպաւորիչ ներկայացումով հանդէս կու գայ Վարագ Պապեան` յայտագիրը հասցնելով իր խորհրդաւոր աւարտին:

Կոմիտաս Ա. քհնյ. Փանոսեան, ինք ալ որպէս աշակերտներէն Մուշեղ Իշխանի, սրտի հակիրճ խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն` վերյիշելով յատկանշական պատգամներ Մուշեղ Իշխանի կողմէ, յատկապէս` իր մանկավարժական փորձառութեան վրայ հիմնուած: Ներկաները ջերմ զգացումներով պարուրուած` կը շարունակեն իրենց զրոյցը հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ:

Յիշատակելի երեկոյ մը ապրեցանք: Ափսո՜ս, որ առաջնորդ տարրէն սկսեալ մինչեւ մեր գաղութի ծայրածիր խաւերը, հայ գրականութիւնը քաջալերողներու թիւը երթալէն կը պակսի. ո՞վ պիտի ըլլայ այս հսկայ ժառանգութիւնը, այս կտակը ստանձնողն ու փոխանցողը ապագային:

Մուշեղ Իշխան բանիւ եւ գործով նուիրաբերեց իր անձը ի սէր եւ ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյատեւման, ազատ ու անկախ հայրենիքի կերտումին, եւ այսօր մենք իր տողերուն ընդմէջէն, իր աշակերտներու վկայութիւններուն ընդմէջէն, կը յիշենք զինք իբրեւ պարզ ու համեստ հոգիով, հայեցի շունչով տոգորուած, Տէր Զօրի ճամբան բռնած մանչուկը, որ ապագային դարձաւ մեր մեծն Մուշեղ Իշխանը: Ան մինչ իր մահը քալեց հայ ժողովուրդին հետ, տագնապեցաւ ու պայքարեցաւ ձուլումի հոսանքներուն դէմ, եւ այս մէկը բացայայտ է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Աչքը բացաւ ու տեսաւ արհաւիրք, որբութիւն… ու կեանքին վերջին տարիները անցուց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժանիքներուն մէջ: Ապրեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի երազով ու իր ետին ձգեց 17 հատորներու մէջ տարածուած ու տասնամեակներ շարունակ դպրոցական դասապահերու մէջ խտացուած անձնուէր մարդու ու անդրդուելի հայու անվերջ բաբախուն սիրտ ու հոգի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES