Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Բ.)

ՎՐԷԺ – ԱՐՄԷՆ

Այս յօդուածաշարքով կեդրոնանալ ծրագրումի զուտ տեղական մակարդակին վրայ` կամայական մօտեցում մը չէ: Համոզուած եմ, որ մեր որոշումները վարէն վեր ընթանալու են (հաւատարիմ` ժողովրդավարական սկզբունքներուն), այլեւ խնդիրներու արծարծումը, կարիքներու քննարկումն ու լուծումներու որոնումը նոյնպէս տեղի ունենալու են նախ ստորին մակարդակի վրայ, ապա միայն բարձրանալու են միջին ու հասնելու վերին մակարդակներուն: Նոյնը` ծրագրումի պարագային:

Սոյն յօդուածագրին փորձառութիւնը, տեղական առումով, գլխաւորաբար մոնրէալական է, ուստի սոյն գրութիւնն ալ աւելի շատ մոնրէալաբոյր պիտի ըլլայ, բայց վստահ եմ, որ այստեղ արծարծուելիք միտքերը, իրենց ընդհանրութեան մէջ, կրնան վերաբերիլ մեր գաղթօճախներէն որեւէ մէկուն, աւելի կամ նուազ մարդաշատ, այնքան ատեն որ օժտուած են մօտաւորապէս նոյն ազգային կռուաններով, կառոյցներով, մանաւանդ`  Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին:

Արդ, ուրկէ՞ սկսիլ ծրագրումը, ի՞նչ մարզեր կամ ոլորտներ նկատի առնել` համայնքի մը կամ գաղութի մը ապագան կանխատեսելու եւ ըստ այնմ անոր զարգացման գալիք ուղիները որոնելու եւ ծրագրելու համար:

– Կազմակերպական

Անհրաժեշտաբար ասիկա կը հանդիսանայ թիւ մէկ ոլորտը, քանի որ մնացեալ բոլոր ոլորտները կամ դաշտերը անկէ կախում ունին: Որքան կուռ ըլլայ գաղութի մը կազմակերպական կառոյցը, այնքան աւելի լաւ կը կազմակերպուի իր կեանքը, արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ իր գործունէութիւնը:

Մեր գաղթօճախը` մոնրէալահայութիւնը, իր այլազան համայնքներով, օժտուած է բազում ու բազմապիսի կազմակերպութիւններով: Սակայն արդեօ՞ք բաւարար են անոնք, կը գոհացնե՞ն մեր բոլոր պահանջները, մանաւանդ` երիտասարդութեա՛ն կարիքները. կամ կա՞ն աւելորդ կազմակերպութիւններ, որոնց առկայութիւնը բան մը չ՛աւելցներ մեր կազմակերպուածութեան վրայ, որոնք ժամանակ մը թերեւս կրնային օգտակար նկատուիլ, բայց այսօր կրնան ժամանակավրէպ դարձած ըլլալ, նոյնիսկ անօգուտ կամ ջլատիչ` գաղութի զարգացման տեսակէտէն: Ասոնք հարցումներ են, որ տալու ենք մենք մեզի` առանց վարանումի, առանց հատուածական կամ տեղայնական փառասիրութիւններու: Եւ երբ որ անաչառ քննարկման ենթարկենք մենք զմեզ (եւ այս «մենք»-ը չի վերաբերիր սա կամ նա «կողմ»-ին, հատուածին) հաւանաբար անդրադառնանք, որ ցանկալի կազմակերպական կառոյցին հասնելու համար երկար ճանապարհ կայ մեր առջեւ:

Այդ կառոյցը հիմնուած պիտի ըլլայ փոխադարձ համալրման, իրերամբողջացման, միասնական համադրման ու համագործակցութեան սկզբունքներուն վրայ: Այս չի նշանակեր` բոլոր նման միութիւնները միացնել, մանաւանդ երբ որքան կարեւոր է նաեւ մրցակիցներ ունենալը, սակայն, յարգելով հանդերձ մրցակցութեան սկզբունքը, պէտք է համաձայնիլ, թէ ո՛ր մարզին մէջ մրցակցութիւնը օգտակար է, ո՛ր մարզին մէջ` անօգուտ, նոյնիսկ` վնասակար: Ու համաձայնիլ մրցակցութեան օրէնքներուն շուրջ, այնպէս, որ ընդհանրական նպատակը նոյնը ըլլայ, ու նպատակակէտերուն եւ անոնց հասնելու ուղիներուն շուրջ ըլլայ այլազանութիւնը: Միեւնոյն նպատակին ձգտող, նոյն նպատակակէտերը հետապնդող ու նոյն ուղիներով գործող կազմակերպութիւններ միեւնոյն դաշտին վրայ կրնան միայն զիրար խաչաձեւել ու իրարու արգելք հանդիսանալ, փոխանակ իրարու սատար կանգնելու:

Այս ըսածիս լաւագոյն (կամ յոռեգոյն…) օրինակը մեր առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ թեմերու միատեղ առկայութիւնն է միեւնոյն վայրին մէջ: Որքան ալ որ պատմական պատճառներ ըլլան այս երեւոյթին ետեւ, ասիկա ազգային անհեթեթութիւն մըն է, որ որեւէ բարիք չի բերեր մեր գաղթօճախին: Այստեղ չեմ կրնար առաջարկել մէկուն կամ միւսին վերացումը, քանի որ լաւապէս կը գիտակցիմ, որ ատիկա բազմաթիւ ազդակներէ կախուած է, ու անոր լուծումը տեղական մակարդակի վրայ չէ, որ կրնայ կատարուիլ: Ոչ ալ` շրջանային: Բայց անոր անհրաժեշտութիւնը կրնա՛յ զգացուիլ տեղական մակարդակի վրայ: Եւ եթէ ըլլայ այդ գիտակցումը, ապա պահանջը վարէն վեր կ՛ուղղուի: Այդպէ՛ս կը սկսի ծրագրման առաջին քայլը: Նոյնը` հայ աւետարանական եկեղեցիներու պարագային,  գուցէ նուազ հրատապութեամբ:

Սակայն, եթէ վերջնական լուծումը հեռու կրնայ ըլլալ ու թեմերէն ո՛ր մէկը պահելու եւ ո՛ր մէկը ջնջելու հարցը անլուծելի կրնայ թուիլ, ի՞նչ բանը կ՛արգիլէ, որ իբրեւ քաղաքակիրթ հաւաքականութիւններ` համագործակցութեան եզրեր գտնենք ու գործենք զիրար ամբողջացնելու սկզբունքով, թաղային, քաղաքամասային բաժանումներով, որպէս մէկ ու ամբողջական կառոյցի մը մասնիկները, թէկուզ վարչականօրէն անկախ իրարմէ, սակայն` սատարելով իրարու, զօրացնելով զիրար: Ահա այս բաներն ալ կը ծրագրուին:

Տակաւին, ակներեւ է, որ մեր գաղութը, ինչպէս սփիւռքի մեր բոլոր գաղթօճախները, չունի կազմակերպական որեւէ կառոյց, ժողով կամ մարմին, որ վեր ըլլայ բոլորէն, թեմերէն ու կուսակցութիւններէն, որ կազմուած ըլլայ բոլորին մասնակցութեամբ, ներառեալ` յարանուանութիւնները, եւ որ ունենայ բոլորին գործունէութիւնը համադրելու, բոլորին ծառայող հասարակաց սպասարկութիւններ ստեղծելու եւ մատուցելու գործառոյթներ, նոյնիսկ` միացեալ ուժերով յառաջացող նոր կազմակերպութիւններ ու նախաձեռնութիւններ մէջտեղ բերելու իրաւասութիւն: Նման կազմակերպութիւններ են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, բժշկական կամ գործարարական միութիւնները, որոնց պատկերով ուրիշներ ալ կրնան ստեղծուիլ` գաղութին կարիքներուն աւելի արդիւնաւէտ կերպով ծառայելու համար:

Անշուշտ պէտք է համաձայնիլ նման համայնական կառոյցի մը բաղադրութեան, կազմութեան, գործելակերպին, գործունէութեան ոլորտներուն, իրաւասութիւններուն եւ հանգամանքներուն շուրջ, բայց այդ բոլորը չեն կրնար իրականանալ առանց բարի կամեցողութեան եւ առանց ծրագրումի: Երկարաժամկէ՛տ ծրագրումի:

Այս հարցին կ՛առնչուին այլ ոլորտներ ալ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES