2014-ի Մոնտիալ. Տոնովան Անակնկալօրէն Դուրս Մնաց Քլինսմանի Հրապարակած Կազմէն
Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եիւրկըն Քլինսման, որ երէկ հրապարակեց 2014-ի Մոնտիալի մասնակցող իր խումբին կազմը, անակնկալօրէն անկէ դուրս ձգեց վերջին երեք մոնտիալներուն մասնակցած 32 տարեկան յառաջապահ Լենտըն Տոնովանը:
Թէեւ վերջինս ընդլայնուած կազմին մէջ էր, սակայն Փալօ Ալթոյի (Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ) բանակումէն ետք նկատի չառնուեցաւ իր գերմանացի մարզիչին կողմէ:
Նշենք, որ Պրազիլի մէջ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Միացեալ Նահանգներու (Է. խմբակ) մրցակիցները պիտի ըլլան Ղանա, Փորթուգալ եւ Գերմանիա:
CATEGORIES Մարզական

