«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Վաղը` Ժեզզինի Ռելին

PROFOTO
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հովանաւորութեամբ «Օ. Էմ. Թի.»-ին, վաղը` կիրակի, 25 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է` 224,02 քմ, իսկ անոր կը մասնակցին 24 ինքնաշարժներ:
Այս ռելին պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 7:00-ին` Ժեզզինի հրապարակէն:
Ըստ պատասխանատուներուն, ժամանման գիծ հասնող առաջին ինքնաշարժը կը կարծուի, որ հոն հասած ըլլայ ժամը 16:25-ին:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ մասնակցող ինքնաշարժներուն քննութիւնը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):
CATEGORIES Մարզական

