ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԱՅՆՃԱՐ. ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Կարելի չէ դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասցնել առանց հանդէսի: Աստուծոյ փառք կու տանք, որ կրցանք այս տարի եւս ունենալ մեր ամավերջի հանդէսը` նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժինի աշակերտներուն համար, ուրբաթ, 1 յուլիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք 6-րդ եւ 12-րդ դասարաններու շրջանաւարտ աշակերտները բեմ բարձրացան:

Վեր. Ր. Մսըրլեան հանդէսը սկսաւ Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ աղօթքով:

Դպրոցի «Նայիրի» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ հանդէսին` երգելով հայկական երգեր եւ արաբերէն մէկ երգ:

Ապա «Նարին» պարախումբը պարեց հայկական 3 պարեր, որոնցմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխում` դպրոցի աշակերտներուն:

Հանդէսի բանախօսն էր պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան, որ անդրադարձաւ կայուն եւ լաւ նկարագիր ունենալու, ճիշդը սխալէն զանազանելու, հիմնական արժէքներուն կառչած մնալու, հաւասարակշռուած զգացական աշխարհի տէր ըլլալու եւ ինքնութեան ճանաչման կարեւորութեան:

Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` պատուելի Տ. Պասմաճեան ըսաւ. «Այսօր շատ կարեւոր է, որ սիրտդ Աստուծոյ դիմաց մաքուր ըլլայ եւ ոչ թէ` գործերդ ու ծառայութիւնդ: Աստուած աւելի հետաքրքրուած է ձեր ով ըլլալով, քան` ձեր ըրածներով»:

6-րդ դասարանի շրջանաւարտ աշակերտները արտասանեցին Դ. Վարուժանի «Հունձք կը ժողվեմ»ը, որմէ ետք Նայրա Ադամեան հայերէնով եւ Սարին Քէօֆթէեան արաբերէնով կարդացին ուղերձ:

Նարօ Ադամեան արտասանեց «Հաւատում եմ քեզ իմ հայ ժողովուրդ»ը` Վահագն Դաւթեանէն: Յիշենք, որ Նարօ Ադամեան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Խաչիկ Պապիկեան» արտասանական մրցումին եւ արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան:

12-րդ դասարանը, որուն վերջին տարին է դպրոցին յարկին տակ, արտասանեց «Խաչքարերի ջարդ»ը` Ռ. Դաւոյեանէն:

12-րդ դասարանի աշակերտներէն Լորի Այնթապլեան հայերէն, Թալին Մաճառեան արաբերէն եւ Սարին Թոփալեան անգլերէն կարդացին իրենց ուղերձները. յատկանշական է, որ իրենք ալ այս դպրոցը յաճախած էին իրենց մանկապարտէզի տարիներէն:

6-րդ դասարանի աշակերտները իրենց վկայականները ստացան ձեռամբ իրենց դաստիարակ Մ. Թիւմպերեանի եւ վեր. Ր. Մսըրլեանի: 12-րդ դասարանի աշակերտները իրենց վկայականը ստացան դաստիարակ Դ. Գարայեանի եւ վեր. Ր. Մսըրլեանի կողմէ:

Հանդէսը վերջացաւ վեր. Ր. Մսըրլեանի հուսկ բանքով, «Հայր մեր»ով եւ օրհնութեամբ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի աշակերտներուն, ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան` մաղթելով յարատեւութիւն մեր սիրելի դպրոցին:

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ

Ադամեան Նայրա, Այվազեան Զուարթ, Աշգարեան Նաթալի, Գալայճեան Հրակ, Գելխաչերեան Լեւոն, Շաննաքեան Վիգէն, Չափարեան Պետրոս, Պոյաճեան Մարիան, Տուրնայեան Կասիա, Քէօհիւլեան Սիլվա եւ Քէօֆթէեան Սարին:

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ

Այնթապլեան Լորի, Բաբիսեան Միսաք, Գասպարեան Հուրի, Թոփալեան Սարին, Չափարեան Յովիկ, Չափարեան Սինթիա եւ Մաճարեան Թալին:

Share this Article
CATEGORIES