ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ. ՊՐԱԶԻԼ ԵՒՍ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրընկալ երկրին նման իր կարգին տիտղոսակիր Պրազիլ եւս մրցաշարքը սկսաւ հաւասարութեամբ, երբ 0-0 արդիւնքով բաժնուեցաւ Վենեզուելայէն:

Օրուան փերուցի իրաւարարը` Ռաուլ Օրոսքօ, Ա. կիսախաղին աւարտէն առաջ բացայայտ փենալթի մը զլացաւ Պրազիլի, երբ գնդակը դպաւ Վենեզուելայի մարզիկներէն մէկուն ձեռքին:

Պրազիլի յառաջապահ Փաթօ 38-րդ վայրկեանին հարուածեց բերդին սիւնին:

Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումը եւս` Փարակուէյի եւ Էքուատորի միջեւ, աւարտեցաւ նոյն արդիւնքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES