ՓՈՐԹՈՒԳԱԼՑԻ ՔՈՅԵՆԹՐԱՕ ՄԻԱՑԱՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ

Ֆապիօ Քոյենթրաօ

Պենֆիքայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի յետսապահ Ֆապիօ Քոյենթրաօ, պաշտօնապէս դարձաւ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ, հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր ակումբին հետ:

Փորթուգալեան կազմը յայտարարեց, որ անոր փոխանցման համար Ռէալ Մատրիտ վճարեց 30 միլիոն եւրօ:

Հաստատ տուեալներու համաձայն եւ ըստ ֆութպոլի մասնագէտներու, 23 տարեկան Քոյենթրաօ կը նկատուի Եւրոպայի ապագայ խոստացող լաւագոյն ձախ յետսապահներէն մէկը:

Նշենք, որ ան 2010-ի Մոնտիալին բաւական տպաւորիչ մրցումներ կատարեց:

Share this Article
CATEGORIES