ԺԵՐԱՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԱՍԻԱԿԱՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԷՆ
Լիվըրփուլի խմբապետ Սթիւըն Ժերար իր ակումբին հետ դէպի ասիական երկիրներ շրջապտոյտէն պիտի բացակայի` նկատի ունենալով, որ ան յաւելեալ ժամանակի կարիք ունի` ամբողջութեամբ ապաքինելու համար:
Ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 2010-2011 տարեշրջանի վերջին բաժինին դաշտ չներկայացաւ:
Լիվըրփուլի մարզիչ Քենի Տալկլիշ ըսաւ, որ ան ապաքինումի շատ լաւ ընթացքի մէջ է եւ եթէ ան այս ընթացքով շարունակէ, ապա լաւապէս պատրաստ պիտի ըլլայ «Փրեմիեր Լիկ»ի 2011-2012 տարեշրջանին:
Յառաջիկայ 13 օգոստոսին Լիվըրփուլ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ` իր դաշտին վրայ հիւրընկալելով Սանտըրլենտը:
CATEGORIES Մարզական


