Լեռնային Ղարաբաղ Այցելած Գործիչի Երկիր Մուտքը Արգիլելուն Համար. Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Պիտի Պատժէ Ազրպէյճանը
Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի նիստին ընթացքին որոշում տրուած է յառաջիկայ երկու տարիներուն չեղեալ նկատել Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք բոլոր նիստերը:
Այդ որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունիս 2014-էն սկսեալ եւ ընդունուած է` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահին մուտքի արտօնագիր չտրամադրելու քայլին պատճառով:
Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, ֆրանսացի պատգամաւոր Ռենէ Ռուքէի մուտքը Ազրպէյճան արգիլուած էր, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելուն պատճառով վերջինս ընդգրկուած է Ազրպէյճանի համար անցանկալի անձերու «սեւ ցուցակին մէջ»:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոն կը կարծէ, որ փոխնախագահին մուտքի արտօնագիր չտրամադրելը կը խախտէ կառոյցի անդամներուն ազատ տեղաշարժի իրաւունքը:
Սահմանափակումը, սակայն, պիտի չտարածուի ընտրութիւններուն ընթացքին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դէտերու առաքելութեան վրայ:
Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը կրնայ չեղեալ նկատել այդ որոշումը, եթէ վեհաժողովի անդամներուն ազատ տեղաշարժը ապահովուի:
Նման որոշում 2013-ի նոյեմբերին ընդունուած էր Վրաստանի վերաբերեալ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Ռուքէն կը բնութագրեն իբրեւ հայամէտ գործիչ եւ կը նշեն, որ ան իր դիրքորոշումներուն մասին բազմիցս յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:

