Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Ռուսական Հրթիռային Շարժիչները Փոխարինելու Համար 100 Միլիոն Տոլար Յատկացուցած Է

2305BoostersԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ռուսական արտադրութեամբ շարժիչները նորերով փոխարինելու համար 100 միլիոն տոլար յատկացուցած է:

«Փութինեան Ռուսիան մեզի համար խնդիրներ կը ստեղծէ: Այդ պատճառով մենք 100 միլիոն տոլար յատկացուցած ենք պաշտպանական պիւտճէին, որպէսզի նորագոյն հրթիռային շարժիչ ստեղծուի», ըսած է ծերակուտական Պիլ Նելսըն, որ 1986-ին «Քոլոմպիա» անջրպետանաւով տիեզերք մեկնած է:

Ըստ ծերակուտականին, նոր շարժիչը պիտի ստեղծուի հինգ տարուան ընթացքին: Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները առաջին քայլերը կը ձեռնարկեն Ռուսիայէն ունեցած իրենց կախեալութիւնը նուազեցնելու համար:

Միւս կողմէ, ռուսական «Correspondent.net» կայքը` վկայակոչելով արտասահմանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժի Քէյփ Քընավըրըլ հրուանդանի ռազմակայանէն տիեզերք արձակուած է «Աթլաս 5» հրթիռակիրը` գաղտնի հետախուզական արբանեակով միասին:

Արբանեակը պիտի օգտագործուի Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան վարչութեան կողմէ, անիկա ուղեծիր արձակած է «Եունայթըտ Լանչ Ըլայընս» ընկերութիւնը` «Պոյինկ» եւ «Լոքհիտ Մարթին» հսկայ ընկերութեանց միացեալ ձեռնարկութիւնը:

Հրթիռակիրի առաջին աստիճանին կ՛օգտագործուի ռուսական արտադրութեան գիտահետազօտական ձեռնարկութեան շարժիչը:

Կը հաղորդուի, որ «Եունայթըտ Լանչ Ըլայընս» ընկերութիւնը յաջող սկիզբ արձանագրած է:

Share this Article
CATEGORIES