Վենեզուելայի Նախագահը Կը Վաճառէ Իր Օդանաւը` Քաղաքային Օդանաւեր Գնելու Համար

Նիքոլաս Մատուրօ

Նիքոլաս Մատուրօ

«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի իշխանութիւնները որոշած են վաճառել նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի սպասարկող «Էրպաս» օդանաւը` երկու նոր քաղաքային օդանաւ գնելու համար:

Երկրի ծովային եւ օդային փոխադրամիջոցներու նախարար Էպերթ Կարսիա Փլասա յայտնած է, որ օդանաւերը նախատեսուած պիտի ըլլան միջազգային թռիչքներու իրականացման համար:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Վենեզուելայի իշխանութիւնները լուրջ խնդիրներ ունին օտարերկրեայ օդանաւային ընկերութիւններու հետ, որոնց պարտք են չորս միլիառ տոլար: Ներկայիս շուրջ քսան օտարերկրեայ ընկերութիւններ երկրին կառավարութենէն կը պահանջեն լուծել պարտքը վճարելու հարցը:

 

Share this Article
CATEGORIES