Պոլսոյ Մէջ Ոստիկաններու Հետ Բախումներու Ընթացքին Արձանագրուած Են Զոհեր
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ոստիկաններու եւ Սոմա շրջանին մէջ 301 հանքափորերու մահուան հարցով առարկայական հետաքննութիւն պահանջող ցուցարարներու միջեւ բախումներու ընթացքին զոհ արձանագրուած է:
«30-ամեայ տղամարդը մահացած է Պոլսոյ հիւանդանոցին մէջ վիրահատութենէ ետք», ըսած է բժիշկը:
Սակայն աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ այլ վիրաւոր մը եւս մահացած է:
22 մայիսին, Պոլսոյ կեդրոնին մէջ բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ: Ցուցարարները ոստիկաններուն վրայ քարեր եւ հրավառ հեղուկով շիշեր նետած են: Անոնք պահանջած են առարկայական հետաքննութիւն կատարել Սոմայի մէջ 301 հանքափորերու մահուան շուրջ:
13 մայիսին, տեղի ունեցած աղէտը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն արտակարգ դէպքը դարձած է:
CATEGORIES Միջազգային

