Մոռնինկսթար Կանչուած Է Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Դիւանագիտական աղբիւրներ ԱՓԱ-ին յայտնած են, որ դեսպանին յիշեցուցած են այն արտայայտութիւնները, զորս ան օգտագործած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, եւ անոնք որակուած են իբրեւ միջամտութիւն Ազրպէյճանի ներքին գործերուն, ինչ որ անթոյլատրելի է:
Դեսպանին ուշադրութեան յանձնուած է, որ այդպիսի քայլեր չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ոգիին եւ կը հակասեն դիւանագիտական գործունէութեան արժեչափերուն:
Սակայն Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն չէ կանչուած:
Յիշեցնենք, որ անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ ճնշումներու հարցին` Մոռնինկսթար նշած էր, որ Ազրպէյճանի մէջ կրնան կրկնուիլ ուքրանական Մայտանի իրադարձութիւնները:

