Շուլց. «Թուրքիա Չի Կրնար Անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան»

Մարթին Շուլց

Մարթին Շուլց

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ 25 մայիսին նախատեսուած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանական ընտրութեանց քարոզարշաւին ծիրին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց պատկերասփռուած բանավէճի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ներկայ դրութեամբ Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան:

Պատկերասփռուած բանավէճը կազմակերպուած էր Համպուրկի մէջ, գերմանական պետական «Ա.Էր.Թէ.» կայանին կողմէ: Շուլցի կողքին յայտագիրին մասնակցած է իր գլխաւոր մրցակիցը` Եւրոպայի Ժողովրդավարական կուսակցութեան լիւքսամպուրկցի պահպանողական քաղաքական գործիչ Ժան Քլոտ Եանքեր:

Շուլց, որ նախապէս աջակցութիւն ցոյց կու տար Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, այժմ 180 աստիճանով փոխած է Թուրքիոյ վերաբերեալ իր դիրքորոշումը:

Ժան Քլոտ Եանքեր իր կարգին յայտարարած է, որ մինչեւ 2019-ը անհրաժեշտ է առկախել որեւէ երկրի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը: Իր կարծիքով` եւրոյի ճգնաժամը սրբագրելու եւ գործերը կարգի դնելու համար Եւրոպական Միութիւնը, որ 28 անդամներ ունի, ընդլայնուելու փոխարէն պէտք է կեդրոնանայ ներքին հարցերու լուծման վրայ:

Վաղը տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներէն 400 միլիոն քուէարկողներ պիտի որոշեն, թէ որո՞նք պիտի ըլլան Եւրոպական խորհրդարանի 751 երեսփոխանները:

Վերջին շրջանին կատարուած հարցախոյզերուն համաձայն, այս ընտրութիւններուն եւրոպացիներու նուազ մասնակցութիւն կ՛ենթադրուի: Հինգ տարի առաջ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 43 առ հարիւր էր:

 

Share this Article
CATEGORIES