Ըստ Վատիկանի Ընդհանուր Քարտուղարին. Պապի Պաղեստինի Մէջ Սրբազան Վայրեր Այցելութիւնը Քաղաքական Բնոյթ Ունի

2305FrancisՎատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Պրոլին վատիկանեան «Սի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կիրակի օր Ֆրանչիսկոս պապի Պաղեստինի մէջ սրբազան վայրեր այցելութիւնը «քաղաքական» բնոյթ ունի:

Ան նշեց, որ այս այցելութիւնը կրնայ տեղւոյն պաշտօնատարներուն օժանդակել «խաղաղութեան ճամբուն վրայ քաջարի որոշումներ տալու»: Այցելութիւնը նաեւ պիտի ծառայէ արծարծելու շարք մը «կէտեր», որոնք Վատիկանի քաղաքականութեան ծիրին մէջ են: Ան բացատրեց, որ նշեալ կէտերէն մէկը, որ պապը պիտի արծարծէ, պաղեստինցի ժողովուրդին «անկախ եւ գերիշխանութեան տէր հայրենիք մը ունենալու» իրաւունքն է, ինչպէս նաեւ իրաւունքը Իսրայէլի «գոյութիւն ունենալուն, եւ խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ ապրելու միջազգայնօրէն ճանչցուած իր սահմաններուն մէջ»:

Պրոլին յայտարարեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը նաեւ կոչ պիտի ուղղէ Երուսաղէմի «սուրբ եւ միջազգային բնոյթը» ճանչնալու, ինչպէս նաեւ ճանչնալու անոր «մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը», ինչ որ զայն «գոյութիւն ունեցող երեք կրօններու հաւատացեալներուն համար սրբավայրի» մը կը վերածէ:

Յիշեցնենք, որ պապը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր այցելութիւնը «կրօնական բնոյթի եւ խաղաղութեան համար աղօթելու» պիտի ըլլայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES