«Ռուսիա Ուքրանիոյ Նախագահական Ընտրութիւնը Արգելակելու Կը Ջանայ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ուքրանիոյ Դեսպանը

Եուրի Սերկէեւ
ՄԱԿ-ի մօտ Ուքրանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Եուրի Սերկէեւ Ռուսիան ամբաստանեց Ուքրանիոյ մէջ կիրակի օր նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու ջանքերը շարունակելու յանցանքով:
Սերկէեւ ըսաւ, որ իր երկիրը խիստ մտահոգ է Ռուսիոյ կողմէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ «ահաբեկիչներուն» աջակցութեան շարունակման, ընտրութեան արգելակման ջանալուն եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն իրենց ապագան ընտրել արգիլելուն համար:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիա անկասկած կը շարունակէ կացութիւնը ապակայունացնել` նշելով. «Չորեքշաբթի օր խումբ մը զինեալներ փորձեցին Ուքրանիոյ սահմանը ապօրինի կերպով կտրել, ինչ որ երկու կողմերուն ալ զոհեր պատճառեց»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Արեւմուտքը Ուքրանիան «մեզի հետ կամ մեզի դէմ» երկընտրանքին առջեւ դրած է: «Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը մեզի մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ շուքի մէջ ձգած է Միջին Արեւելքի հարցերը», ընդգծեց ան:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտարարեց. «Ուքրանիա դէպի իսկական քաղաքացիական պատերազմ կ՛ուղղուի»:

