Փութին. «Ռուսիա Յարգանքով Պիտի Ընդունի Ուքրանիոյ Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքները»
«Ունիան» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, թէ Ռուսիան յարգանքով պիտի ընդունի ուքրանացի ժողովուրդին կողմէ 25 մայիսին կատարուելիք նախագահական ընտրութեան արդիւնքը:
«Մենք կը հասկնանք, որ Ուքրանիոյ բնակիչները կ՛ուզեն դուրս գալ այս ձգձգուած ճգնաժամէն: Անկասկած, մենք յարգանքով պիտի վերաբերինք ուքրանացի ժողովուրդի ընտրութեան հետ, պիտի հետեւինք տեղի ունենալիք իրադարձութիւններուն», յայտնած է Փութին Ս. Փեթերսպուրկի տնտեսական հաւաքին ընթացքին` աւելցնելով, որ այս պահուն իրենք կ՛աշխատին այն մարդոց հետ, որոնք իշխանութիւնը կը վերահսկեն Ուքրանիոյ մէջ: «Բայց ընտրութիւններէն ետք, վստահաբար պիտի սկսինք աշխատիլ ընտրուած կառոյցներուն հետ»:
Փութին յոյս յայտնած է նաեւ, որ ընտրութիւններէն ետք դադրին զինուորական բոլոր գործողութիւնները եւ երկրին մէջ երկխօսութիւն սկսի:

