Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր իրավիճակը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին վերաբերող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանը «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամինը հարցաքննելու օր ճշդեց 29 մայիս 2014-ը:
ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ անվտանգութեան վարչութիւնը Պեքաայի մէջ ձերբակալեց լիբանանցի մը, որ ամբաստանուած էր զէնքի եւ զինամթերքի մաքսանենգումի յանցանքով:
ԶԱՀԼԷԻ մէջ ինքնաշարժի արձանագրութեան յատուկ գրասենեակի մը եւ դատարանի մը մէջ երէկ պաշտօնեաներ ձերբակալուած են կաշառակերութեան ենթարկուելու յանցանքով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանրի Հըլու յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր թեկնածութեան առաջադրումը` աւելցնելով, որ հանրապետութեան ոեւէ նախագահ պէտք է շարունակէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղեգիծը: Ան աւելցուց, որ ինք երկխօսութեան եւ չափաւորականութեան թեկնածուն կը նկատուի:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կ՛ուղղուին ընտրելու այնպիսի անուններ, որոնց կը զօրակցի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան զօր. Միշել Աուն բնաւ առիթ չունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու, որովհետեւ անոր քաղաքական ծրագիրը կը տարբերի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ծրագիրէն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը կայացուցած են` քննարկելու համար 25 մայիսէն ետք տիրող հանգրուանը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտնած է, որ ինք պատրաստ է իր թեկնածութիւնը զիջելու Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ կամ նախարար Պութրոս Հարպի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի այցելեց Սամիր Ժահժահի, որուն հետ քննարկեց նախագահական իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ շրջանը հարուածող բոլոր դաւադրութիւնները թիրախ կը դարձնեն Դիմադրութիւնն ու անոր ուղեգիծը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ազատագրումը Լիբանանին վերադարձուցած է փառք մը, որ կորսուելու ենթակայ էր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մտավախութիւն յայտնեց Լիբանանի դիմագրաւելիք նախագահական դատարկութեան յաջորդ հանգրուանին առումով:
ՇԷՅԽ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Քայիտա կամ ժիհատականներ գոյութիւն չունին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի երեսփոխանները պոյքոթի պիտի չենթարկեն խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերը:

