Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի Մը

2305berri_fletcherԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեքշաբթի, 27 մայիս 2014-ին խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական ցերեկային եւ գիշերային նիստերու:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր շեշտեց, որ ժամանակը կը սպառի, սակայն նախագահական ընտրութեան մը կարելիութիւնը ըստ երեւոյթին չկայ:

Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները կառչած մնան ազգային միասնականութեան, որպէսզի կարենան դիմագրաւել իրենց սպառնացող մարտահրաւէրները:

«Իբրեւ միջազգային ընտանիք, մեր դերակատարութիւնն է համաձայնութեան նպաստել եւ նախագահական ընտրութիւնը արգելակող բոլոր խոչընդոտներուն վերջ դնել», ըսաւ ան:

Ֆլեչըր շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան, որ լիբանանցիները պէտք է ընտրեն հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աշխատին լիբանանցիներուն համար ապահով եւ արդար առիթներ ստեղծելու:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ միասնաբար գործեն` խուսափելու համար նախագահական երկարատեւ դատարկութենէ մը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES