Զօր. Քահուաժի. «Յաջորդ Հանգրուանը Զգայուն Է, Իսկ Բանակը Պատրաստ Է Պահպանելու Լիբանանի Կայունութիւնը»

Զօր. Ժան Քահուաժի
Հարաւային Լիբանանի ազատագրումին 14-րդ տարեդարձին առիթով լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ օրուան հրահանգը ուղղեց բանակին` ըսելով, որ յաջորդ հանգրուանը զգայուն է Լիբանանի համար, իսկ բանակը պատրաստ է պահպանելու Լիբանանի միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան կ՛ապրի նախագահական դատարկութեան փորձառութիւնը:
«Ինչքան ողջունենք հարաւային Լիբանանի ազատագրումը, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի դիրքաւորումը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողքին անոր ի գործ դրած ջանքերը` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով, նոյնքան ալ կը փափաքինք, որ սահմանադրական ժամկէտին շրջագիծին մէջ Լիբանան ունենայ իր նոր նախագահը», ըսաւ ան:
Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց բանակին յանձնառու մնալու իր երդումին, ինչպէս նաեւ ամենայն գիտակցութեամբ եւ կարգապահութեամբ պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
Ան շեշտեց, որ բանակը պիտի մնայ միասնական եւ երկրին ազգային տօները պիտի վերածէ յոյս ներշնչող առիթներու:
Ան ցաւ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ազգային տօնի պարագային արձանագրուի սպանութիւն մը կամ նախագահական դատարկութիւն:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանը քաղաքական առումով անձեռնմխելի դարձնելու համար պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարել մինչեւ 25 մայիս` բարձրացնելով երկրին մէջ տիրող ազգային գիտակցութիւնը:
Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ Դիմադրութիւնը էր եւ կը մնայ լիբանանեան անհրաժեշտ կարիք մը:

