Ռայի Պատրիարքը Ուղղուեցաւ Յորդանան

Ռայի պատրիարքը կը դիմաւորուի Ամմանի մէջ

Ռայի պատրիարքը կը դիմաւորուի Ամմանի մէջ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. հողեր կատարելիք իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ մեկնեցաւ Յորդանան:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ լքեց ուղղակի սփռուող հարցազրոյց մը, որ  «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներէն Միշել Քիքի կողմէ կը կատարուէր:

Ս. հողեր կատարելիք իր այցելութեան մասին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք այդ հողերուն վրայ ոչ մէկ քաղաքացիի կամ իսրայէլացի քաղաքական անձնաւորութեան հետ հանդիպում պիտի ունենայ, որովհետեւ այդ այցելութիւնը հովուապետական է:

Ան շեշտեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ վարչապետ Թամմամ Սալամէն արտօնութիւն ստացած է եւ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օրէնքներուն ու կանոններուն:

Սակայն Միշել Քիքի կողմէ ուղղուած հարցումները` Ռայի պատրիարքին այցելութեան հետեւանքներուն մասին, բարկացուցին Ռայի պատրիարքը, որ խնդրեց այդ նիւթը փոխել, սակայն Քիք յամառեցաւ շարունակել նոյն տիպի հարցումներու ուղղումը, ինչ որ ընդվզեցուց Ռայի պատրիարքը, որ ըսաւ. «Ես եմ այսօրուան պատրիարքը եւ իմ որոշումներս անձնական են: Եւ այսօր իմ որոշումս այս է, եւ ըստ երեւոյթին դուք չէք փափաքիր հասկնալ այս տեսակէտը: Զիս դատապարտումի առարկայ չես կրնար դարձնել»:

Ապա պատրիարքը լքեց հարցազրոյցը:

 

Share this Article
CATEGORIES