Նախագահ Սլէյման. «Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութեամբ Մտահոգ Չեմ»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր կէսօրէ ետք նախագահական պալատէն պիտի մեկնի` աւարտելով իր վեցամեայ նախագահական նստաշրջանը:
Այս կը նշանակէ, թէ այսօրուընէ սկսեալ Լիբանանի մէջ պիտի տիրէ նախագահական դատարկութիւն, որուն ընթացքին կրնայ նաեւ կաղալ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայէն պիտի արտասանէ խօսք մը:
Երեկոյեան նախագահ Սլէյման նախագահեց կառավարութեան վերջին նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 42 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ, ապա անոնց հանդիպումին միացաւ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ:
Քննարկուեցան Լիբանանեան համալսարանի 1000 դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու նախագահներու նշանակման վերաբերող հարցերը:
Կառավարութեան նիստը սակայն աւարտեցաւ առանց վաւերացնելու այդ նշանակումները:
Նիստէն ետք նախագահ Սլէյման ի պատիւ կառավարութեան եւ պետական պաշտօնատարներու սարքեց ընթրիք մը, որուն ընթացքին ան արտասանեց խօսք մը:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման, որ ներկայ կառավարութիւնը մրցանշային արագութեամբ կրցաւ բազմաթիւ իրագործումներ արձանագրել, եւ տակաւին կան բազմաթիւ գործեր, զորս կրնայ կատարել: Նախագահ Սլէյման այս առնչութեամբ ընդգծեց նաեւ, որ «կառավարութեան հաւասարակշռուած կառուցուածքը շատ օգտակար է: Անիկա իր արդիւնաւէտութիւնը փաստած է պետութեան անիւը բանեցնելու եւ քաղաքացիներուն գործառնութիւնները դիւրացնելու առումով»:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախարարներուն` իրենց համագործակցութեան համար: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ իր հանգամանքին եւ փորձառութեան բերումով կրնայ բոլորին տրամադրութեան տակ ըլլալ` օգնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը լուծելու գծով:
Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատի պաշտօնէութեան եւ լրագրողներուն մեծարանքի հանդիպումի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք Լիբանանի մէջ տիրող կացութեամբ մտահոգ չէ` աւելցնելով, որ քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած խոչընդոտները շատ մը հարցեր ուշացուցած են:
Նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ ինք կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու մօտ չէ կրցած ջնջել համայնքային եւ յարանուանական մտայնութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնն է, որ կը պաշտպանէ Դիմադրութիւնը:

