«1915-ին Քիւրտերն Ալ Օգնած Են Կոտորելու Հայերը Եւ Տիրացած Անոնց Կալուածներուն» Կ՛ըսէ Տիճլէ

Հաթիփ Տիճլէ

Հաթիփ Տիճլէ

Տիգրանակերտի բանտին մէջ պահուող քիւրտ գործիչ Հաթիփ Տիճլէ քիւրտ ժողովուրդին պատմութեան հետ առերեսուելու կոչ ուղղած է: Ան «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր մէջ քիւրտերուն ունեցած դերակատարութեան մասին:

«Իւրաքանչիւր ժողովուրդի պէս քիւրտերն ալ իրենց պատմութեան մէջ ունին էջեր, որոնց հետ պէտք է առերեսուիլ: Մենք` քիւրտ քաղաքական գործիչներս ու մտաւորականներս, այդ անցեալին հետ առերեսուելէ, մինչեւ իսկ դատապարտելէն չենք խուսափիր: 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին որոշ քիւրտեր պետութեան հետ մասնակցած են ջարդերու գործադրութեան եւ տիրացած հեռացած հայերու կալուածներուն», ըսած է ան:

Ան նշած է, որ շատ մը քիւրտերու մայրերն ու մեծ մայրերը հայ կիներ են: Անոնք առեւանգած եւ ամուսնացուցած են անոնց եւ կապուած են իրենց սիրով: «Անոնց ցաւը նաեւ մեր ցաւն է», ըսած է Տիճլէ:

Share this Article
CATEGORIES