Մամետեարով. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Կարելի Չէ Մէկ Գիշերուան Մէջ Լուծել»

Էլմար Մամետեարով

Էլմար Մամետեարով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մնայուն կոմիտէի նիստին ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պատասխանած է խորհրդարանականներուն հարցումներուն:

Մամետեարով այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ու նշած, որ անոր լուծման դիւանագիտական ուղիները տակաւին չեն սպառած:

«Մատրիտեան առաջարկները շատ իրատեսական էին, մենք կրնայինք քայլ առ քայլ յառաջ երթալ: Այդ տագնապը չի կրնար մէկ գիշերուան մէջ լուծուիլ` խորունկ տագնապ է: Անհրաժեշտ է վերցնել անոր հետեւանքներն ու մարդոց միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել», ըսած է Մամետեարով:

Ան նաեւ նշած է. «Հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններէն, որովհետեւ ատիկա գրգռիչ գործօն է»:

Share this Article
CATEGORIES