Ռուստամեան Կը Բացատրէ, Թէ Ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը Կողմ Չքուէարկեց Կառավարութեան Ծրագիրին

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Երէկ լրագրողներու հետ Ազգային Ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանի այն կանխատեսումը, թէ իշխանութիւնը այլեւս պաշար չունի, եւ վարչապետը ստիպուած է կարճ ժամանակ ետք հրաժարական տալու, նշած է, որ այսպիսի գնահատականներ ու հարցեր միշտ ալ կը յառաջանան, քանի տակաւին չէ յստակացուած պատասխանը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հրաժարական տուաւ նախկին վարչապետը:

«Քանի տակաւին չկայ յստակ պատասխան, թէ ինչո՞ւ հրաժարական տուաւ նախորդ կառավարութիւնը, բոլոր հարցերը կը  մնան օդէն կախուած: եթէ պատճառը չբացայայտուի, անորոշութիւններ պիտի մնան եւ այսպիսի հարցեր պիտի յառաջանան», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ նոր կառավարութեան վերաբերեալ յոյսերը մարեցան, երբ ներկայացուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը:

Արմէն Ռուստամեան կրկնեց նախորդ օրուան ելոյթին ընթացքին արտայայտած իր միտքը, որ տակաւին փոքր յոյս մնացած է այն առումով, որ ճանչնալով վարչապետը եւ կառավարութեան որոշ անդամները, այդ մարդիկ իրենց կենսագրութեան տէրն են եւ ունին պատասխանատուութեան զգացում, չեն արտօներ, որ իրենց կենսագրութեան վրայ բիծ ըլլայ, եւ անոնք չեն երթար նախնական այնպիսի քայլերու, որոնք կարճ ժամանակի մը ընթացքին կը վարկաբեկէին զանոնք: «Շատ կ՛ուզեմ, որ անոնք չձախողին, որովհետեւ եթէ ձախողին, երկրին ճգնաժամը կը խորանայ, ինչ որ մենք չենք ուզեր, որովհետեւ ձախողումներու հետեւանքները կը  կրեն բոլորը: Մենք այսօր կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որ կ՛արիւնահոսի, ձախողութեան չափանիշները կապուած են արտագաղթի կշռոյթին հետ, եթէ նոյնիսկ չխօսինք հայրենադարձութեան մասին: Առարկայական գնահատողը հասարակութիւնն է. եթէ արտագաղթի ընթացքը չփոխուի, ուրեմն ամէն ինչ նոյնը պիտի մնայ եւ կառավարութիւնը իսկապէս ստիպուած կ՛ըլլայ hրաժարական տալու», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, մեծամասնութեան համար խորհրդարանին մէջ շատ փխրուն իրավիճակ ստեղծուած է:

Կառավարութեան ծրագիրին կողմ քուէարկած 70 ձայնը յաջողութեան ցուցանիշ կարելի չէ նկատել. «Ասիկա կը նշանակէ, որ մեծամասնութիւնը պէտք է շատ զգօն ըլլայ, սթափ ըլլայ: Միւս ուժերու չմասնակցելու պարագային անընդհատ ստիպուած պիտի ըլլայ զօրաշարժի ենթարկել իր ուժերը, ինչպէս որ եղաւ: 1 ձայնն ալ կրնայ նոյնիսկ ազդել քուէարկութիւններու արդիւնքին վրայ ու տապալել ատիկա», նշեց Ռուստամեան:

Կառավարութեան ծրագիրի քուէարկութեան հարցին մէջ ոչ իշխանական քառեակը միասնական էր, այլ հարցերու պարագային` ժամանակը ցոյց կու տայ: Արմէն Ռուստամեան ըսաւ. «Քառեակ ենք այնքանով, որքանով կը  յաջողինք որոշ հարցերու վերաբերեալ համաձայնութեան գալ: Եթէ համաձայնութիւն չկայ, իւրաքանչիւր ուժ կրնայ գործել ինչպէս որ կ՛ուզէ, ազատ է»:

Միւս կողմէ, Ազգային Ժողովի նիստին, երբ կը քննարկուէր կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան կարծիք յայտնած էր, որ քննարկումներու գլխաւոր թերութիւնը այն է, որ ոչ ոք, մասնաւորաբար` քաղաքական մեծամասնութիւնը, չ՛ուզեր անդրադառնալ այն հարցին, թէ ինչո՞ւ փոխուեցաւ կառավարութիւնը:

«Եթէ լաւ էր` թող մնար նախկին կառավարութիւնը, բայց եթէ փոխուած է, որ յառաջընթաց ապահովէ® յառաջընթացի օրէնքը շատ յստակ է` եթէ կ՛ուզես յառաջընթաց, պէտք է շարժիս բացասման բացասումի սկզբունքով, որ կը նշանակէ, որ յստակօրէն պէտք է ըսենք, թէ որո՛նք են սխալ կողմերը, եւ որո՛նք են դրական կողմերը, բացասականի դէմ ի՛նչ պայքար պէտք է տարուի, որ դրականը պահպանենք ու զարգացնենք», ըսաւ Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այսպիսի քննարկում չեղաւ, ինչ որ մեծագոյն թերութիւնն է:

Ընդդիմութիւնը, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, կը փորձէ այսպիսի քննարկում ծաւալել` ըսելով, որ կառավարութեան փոփոխութեան հետ յոյսեր կը կապէ, որ իշխող ուժը կը գիտակցի, որ այսպէս կարելի չէ շարունակել, սակայն պէտք է փոխուի ընթացքը, որ կը յանգեցնէ շտկումներու: «Այդ յոյսը չէ մեռած, ես լաւատես մարդ եմ, մեր քաղաքական ուժն ալ այն ուժը չէ, որ օր առաջ տեսնէ կառավարութեան ձախողումը, որովհետեւ ատիկա, ի վերջոյ, երկրին կործանման կը մօտեցնէ: Իմ յոյսս այնտեղ է, որ, ճանչնալով կառավարութեան անդամներն ու վարչապետը, իրենք գիտեն ինչը փոխուեցաւ, բայց, քաղաքական նպատակայարմարութենէն մեկնելով, չեն ուզեր բարձրաձայնել: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ իրենք իրենց հոգիի խորքին մէջ գիտեն` ինչը փոխուած է եւ ինչը պէտք է փոխել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ծրագիրին մէջ գրուածով չէ, որ պէտք է կեանքը փոխուի, որովհետեւ կարելի է ամէնէն լաւ ծրագիրը գրել, բայց ատիկա չիրականացնել, ինչպէս եղաւ նախորդ կառավարութեան կողմէ: Ինչ կը վերաբերի բուն ծրագիրին, պատգամաւորը նշեց, որ Դաշնակցութիւնը անիկա կը գնահատէ երեք կարեւոր սկզբունքներով, որոնք  կը ստիպեն կողմ չքուէարկել այդ ծրագիրին:

Առաջին չափորոշիչը նախորդ կառավարութեան հետ նոր կառավարութեան համեմատութիւնն է, եւ ըստ Արմէն Ռուստամեանի, որոշ փոփոխութիւններ կան, բայց էութիւնը նոյնն է:

Երկրորդ խնդիրը նախորդ կառավարութեան գործունէութեան եւ ՀՅԴ-ի տուած գնահատականներու արձագանգի աստիճանով պայմանաւորուած է:

Եւ երրորդ խնդիրը Դաշնակցութեան ներկայացուցած 34 կէտնոց առաջարկներն են, որոնց մէկ մասը կառավարութիւնը ընդունած է, սակայն չ՛ընդունիր այն կէտերը, որոնք պիտի փոխէին կառավարութեան վարքագիծը եւ քաղաքականութիւնը:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ կասկածելի են կառավարութեան կողմէ հռչակուած գնահատականները, որոնցմով կ՛որակուի կառավարութեան ծրագիրը` իրատեսական, խստապահանջ եւ ականջալուր:

 

Share this Article
CATEGORIES