Օհանեան Եւ Շոյկու Ռուսական Ռազմակայանին Վերաբերող Փաստաթուղթ Ստորագրեցին
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային անվտանգութեան երրորդ համաժողովին:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ համաժողովի աշխատանքին ծիրին մէջ Սէյրան Օհանեան երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ իր գործընկերներուն հետ:
Մասնաւորաբար, Իրանի պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցման նախարար Հիւսէյն Տեհղանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան առնչուող խնդիրներ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան շարք մը օրակարգային հարցեր: Օհանեան եւ Շոյկու ստորագրեցին երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ 3 հոկտեմբեր 2012-ին ստորագրուած` Հայաստանի տարածքին մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղաբաշխման կէտերու մասին արձանագրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին թիւ 1 արձանագրութիւնը:

