Անկախութեան Ապագան Լիարժէքօրէն Մեր Ներկային Մէջ Չի Ցոլանար

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

2805_528 մայիս 1918-ի Հայաստանի ազատ-անկախ առաջին Հանրապետութեան 96-րդ տարեդարձին առիթով, եւ նկատի ունենալով Հայաստանի, սփիւռքներու, նաեւ հայ ժողովուրդի թափառական աշխարհատարած ներկայ իրավիճակը, մտածումի ու մտահոգութիւններու քանի մը խորհրդածութիւններ կը պարզեմ:

Մեր առաջին անկախութենէն մօտ մէկ դար վերջ եւ Հայաստանի նորագոյն անկախութենէն աւելի քան երկու տասնամեակ յետոյ արդեօք մեր անկախութիւնը յարգուա՞ծ է այնքան, որքան արժանի պէտք է ըլլար: Մտահոգուած եմ, որ անկախութիւնը ընկալելու եւ խորացնելու դրութիւնը ծերանալ սկսած է եւ շատ մեծ յոյսեր չունի գոյատեւելու իրեն արժանի ըմբռնումի տարածքով ու համեմատութեամբ:

Ճանչնանք. անկախութիւնները միշտ ալ զտարիւն հայրենիքներ չեն ստեղծեր: Անոր առաջնորդները` ժամանակին, կը ծնէին ռազմաճակատներու դաշտին վրայ, իսկ այսօրուան իմաստով ալ, նուազագոյնը պատերազմ տեսած չեն բնաւ: Լաւագոյն պարագային, թերեւս անոնցմէ ոմանք պատերազմներու մասին քիչ թէ շատ պատմութիւն կարդացած ըլլան:

Անկախութիւնները առաջնորդական թէ ղեկավարական դերեր չեն ստեղծեր այլեւս, ոչ ալ յաղթանակի ու փառքի կարմիր գորգեր կը փռուին նորօրեայ ղեկավարութիւններու թէ ղեկավարներու ոտքերուն տակ: Կարծես, անկախութիւնը իր խոհական ինքնաճանաչումը կորսնցուցած է: Մարդիկ ալ, քիչ թէ շատ կորսնցուցած են իրենց ինքնաճանաչումը անկախութեան իմաստին հանդէպ:

Մաշած կամ ժամանակին մէջ մաշող անկախութիւնները կը մաշեցնեն ե՛ւ պետութիւնները, ե՛ւ իրենց ղեկավարութիւնները: Այն ղեկավարը, որ անկախութեան գաղափարին հետ իր հոգեշունչ հաշտութիւնը կը կորսնցնէ, կը նմանի ղեկավարի տիտղոսը սոսկ սեփականացուցած այն մարդուն, որ կը հասնի մինչեւ ակին ջուրը, բայց ջուր չի խմեր. ան դատապարտուած է մինչեւ վերջ ծարաւ մնալու:

Անկախութեան խորհրդանշական արժէքը մեր պատկերացուցածներէն շատ աւելի մեծ է. ան ոչ ձախ գաղափարաբանութեան կը ծառայէ, ոչ ալ աջ: Ղեկավարներ, որոնք իրենք իրենց աջ կամ ձախ կը յայտարարեն, առանց նախապատուութիւն տալու անկախութեան գերագոյն գաղափարի հանգամանքին, կը ձախողին նախ անհատապէս ու յաջորդաբար ալ կը ձախողեցնեն հաւաքաբար ու զանգուածաբար` պարզ այն պատճառով, որ անկախութիւնը ո՛չ «աջ»-ի լեզուէն կը հասկնայ, ո՛չ ալ «ձախ»-ի: Ան, վստահաբար, ատկէ աւելի բան մըն է եւ անոր խորքային էութեան յատկութիւնն ու տենչը կը ցոլացնէ:

Անկախութիւնը սերունդ կը պատրաստէ. սերունդ, որ տեսլական ունենայ: Ամէն ժամանակ իրեն հետ կը բերէ իր արժանի տեսլականը: Եթէ չի բերեր` սերունդ չի մնար անկախութեան գափափարը ընկալելու ու անոր գոյատեւումը ապահովելու համար:

Մեր շուրջ դիտելով կը նկատենք, նաեւ կը հաստատենք, որ անկախութիւններու հաւասարակշռութիւնները խախտած են, եթէ աւելին կ՛ուզէք` անկախութեան իրական ու ճշմարիտ որակի չափանիշը աղաւաղուած է: Աղաւաղումներու յաջորդականութիւնն ալ ստեղծած է նոր իրաւակարգ մը` քանակական ու որակական, ու դեռ` պահպանողական տարբերութիւններու եւ տարբերակներու ոճով: Քիչ մըն ալ անդին երթալով հաստատենք, որ ոճն ալ խախտած է իր հաւասարակշռութիւնները եւ հեւիհեւ վիճակի մէջ կը փորձէ իր ժամանակի ըմբռնումներէն թելադրուած նոր կնիք մը պարտադրել ազգերու եւ ժողովուրդներու մտամոլոր պայքարի յառաջընթացին մէջ:

Նոր ժամանակներ դրոշմած են անկախութիւններու հանդէպ այժմէական ըմբռնումներու մտապատկերը: Թերթատեցէք անցնող տասնամեակներու պատմութիւնը.-  Վիեթնամէն, Լաոսէն, Քամպոտիայէն յետոյ, տեսէք Աֆղանիստանը, Իրաքը, Իրանը, Քուէյթը, Եգիպտոսը, այսպէս ըսուող «Արաբական գարունը», Սուրիան, Քորէան, վերջապէս Օսեթիան, Աբխազիան, Ուքրանիան:

Ո՞վ, որո՞նք պիտի միջամտեն. աւելին` պիտի ազդեն դրականապէս, որպէսզի անկախութիւններու չափը, ծաւալը, ոճը, ոճի ճաշակը եւ մասնաւորապէս տատանող գաղափարաբանութիւններ ու համաչափութիւններ ճշդեն ու ճշդուին իրենց լիիրաւ ամբողջականութեան նուաճողական ձգտումին մէջ:

Հոս, իսկապէս, եւ առանց նուազագոյն երկընտրանքի հաստատելի է, որ անկախութեան վրայ հիացողներու թիւը զգալիօրէն նուազած է. անոր շրջագիծը նեղցած է: Մեր օրերու տրամաբանութեամբ ալ անկախութիւնը սիրողները ծայրայեղներ թէ բախտախնդիրներ կ՛որակուին:

Ատենօք, անկախութիւնը հայրենասիրութիւն ու յեղափոխութիւն կ՛ուզէր: Հիմա` այդ իմաստները քիչ թէ շատ կը զարմացնեն: Չզարմացնող անկախութիւններ մնացի՞ն, թէ՞ անցեալի գեղեցիկ ժամանակներու երազով պիտի ապրինք ու ապրեցնենք` հին օրերու փառքն ու պատիւը վկայակոչելով, երբ անկախութիւնները արարողակարգային կարգապահութիւն ունէին, գրաւիչ ու առինքնող պարունակութիւն ու բովանդակութիւն կը ներշնչէին:

Այսօրուան անկախութիւնները նախ եւ առաջ եւ ամէն բանէ աւելի պէտք է «փոխարժէքօրէն» փաստեն իրենք զիրենք: Առաջ այդ բոլորը ուրիշ համարժէք բաներով կը փաստուէին, այժմ կան սերունդներ, որոնք անցեալի անկախութիւններով կը հպարտանան. տեսակ մը հպարտութիւն կ՛իւրացնեն: Կան նաեւ սերունդներ, որոնք կը մտածեն նոր մարդու պարզունակ կաղապարի մը մէջ եւ կը տատանին անկախութեան կաշկանդող կաղապարներուն մէջ զետեղուելու: Կը դժուարանա՜ն. շուարա՜ծ են: Ինչպէս չըլլան: Շուարումը իրապաշտութեան յատկանիշ է, որ նոյնինքն ժամանակը կը պարտադրէ:

Ժամանակակից անկախութիւնը ապահովութիւն չի ներշնչեր. ընդհակառակը` անապահովութեան զգացումը կը զօրացնէ, քանի անոր մեկնակէտը, սկզբունքը, վերապահութիւն ստեղծող տեսակ մը պարտամուրհակներու եւ մուրհակատէրերու վերածուած է:

Անկախութեան համար փափաքելին գերագոյնն է, ինչպէս մարդուն, ժողովուրդներուն համար գերագոյնը` ամէնէն ցանկալի պատկերացումն է:

Անկախութիւնը բան մը փաստելու պէտք չունի, բայց ապահովութեան երաշխիք պէտք է ներշնչէ, նոր դիմագիծով պէտք է ներկայանայ եւ նորը` նուազագոյն երկընտրանք, անստուգութիւն պէտք չէ գրգռէ:

Մենք տակաւին մեր անկախութիւնը հաստատելու պատմուճանէն դուրս ելած չենք: Մեր թերթերուն մէջ «Բացառիկ» գունաւոր թիւեր կը հրատարակենք, խմբագրականներ ու օրուան համապատասխան յօդուածներ կը գրենք, հանդէսներ ու ճաշկերոյթներ կը կազմակերպենք, տեղ-տեղ յուշակոթողի մը առջեւ դափնեպսակ մը, եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ մը, իսկ հայրենիքի մէջ զինուորական փառահեղ տողանցքներով հանդէս կու գանք, եւ դեռ ուրիշ-ուրիշ բաներ: Շատ-շատ լաւ: Ո՞վ կրնայ դէմ ըլլալ այս բոլորին: Ո՞վ կրնայ դէմ ըլլալ յիշատակումներու, ոգեկոչումներու եւ չյուզուիլ, չպարծենալ այս բոլորով:

Անկախութեան հանդէպ վերաբերումը ազգին ու իր բոլոր զաւակներուն հոգեկան ու պատմական պարտքն է, նորերուն համար` կաշկանդող խոստում. աւելի նորերուն համար ալ յանձնառութեան, կապուածութեան բեղուն ենթահող: Մէկ խօսքով, նոյն բաներու շրջագիծին մէջ տարուբերուելով, քիչ մը աւելի փափկանկատ կը հետեւինք իր ընդարմացող ընթացքին, տարին օր մը մեր հայրենասիրական զգայարանքները կը գրգռենք, բայց հին անկախութեան յատկանշող դիմագիծ չենք տար:

96 տարի վերջ, ի՞նչ է, ո՞րն է հին անկախութեան դիմագիծը: Անոնք եղած ենք մենք, մենք եղած ենք անոնք: Հարկ կա՞յ աւելի վերլուծելու:

Անկախութիւնը -երբ ուզէ- մեծաքանակ կարելիութիւններ կը ստեղծէ, բայց անհրաժեշտ է, որ հիմնուի տեւական ու ինքնամատուցող շարունակականութեան վրայ: Շարունակականութեան մեքենականութիւնը զօրակոչող յանձնապաստանութեան պէս բան մըն է, կամ անոր պէս բանի մը կրնայ վերածուիլ:

Անկախութիւնը հինի ու նորի փոխանցող կամուրջ եղած է ժողովուրդներու պատմութեան մէջ:

Անկախութեան մէջ դասական օրինականութիւններ ստեղծել թէ փնտռելը անօգուտ է: Անկախութիւնը կ՛օրինականանայ հոգուով, հաւատքով, մաքառումով:

Հայու (հայկական անցագիր ունենալը հոս այնքան ալ կարեւոր չէ) կապը անկախութեան հետ հասունցա՞ծ է: Ինչպէ՞ս քաջալերել բեղմնաւոր հասունացման ազգային պատկանելիութեան մը տրամադրութիւնը, տրամաբանութիւնը, յարաբերական փոխպայմանաւորուածութիւնը:

Անկախութեան պահպանումը վաւերական ու ընդունուած ղեկավարութիւններ, ղեկավարներ կ՛ուզէ: Բորբոքած թէ ներշնչուած հռետորութիւններէ ասդին թէ անդին փնտռենք թէ անկախութիւնը ի՞նչ կու տայ, ի՞նչ կ՛առնէ: Կրնայ բան մը առնել եւ բան մը տալ: Ասոր վերջնական վերլուծումը հայ ժողովուրդին կը պատկանի: Անշուշտ, եթէ հետաքրքրուած է այս հարցով:

Անկախութիւնը ամէն օր լաւ բան մը պէտք է աւելցնէ մեր կեանքին վրայ. ազգային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային սլացքով:

Անկախութիւնը ունի վտանգներ. տեսանք արդէն. մէկ օրէն միւսը հայրենիքը պարպուեցաւ ու դեռ…: Մէկ օրէն միւսը նոր հարուստներ ծնան, խրճիթները վերածուեցան սիւնազարդ թէ արձանազարդ կամարաւոր պալատներու. ու դեռ շատ ուրիշ բաներ:

Ո՞վ կրնայ վստահեցնել, թէ խուճապահար գացողները պիտի վերադառնան` առնուազն հայրենիքի կարօտին հետ հաշուետուութեան նստելով: Կ՛երեւի կարօտը հեռուէն աւելի վայելուչ է. կամ` այդ վայելչութեան շնորհալիութիւնը մեր չափերուն կը յարմարեցնէ մերժումներու այլընտրանքային խոյանքով: Այդ ալ կ՛ըլլայ եղեր…:

Անկախութեան վտանգները կրնա՞նք սանձել: Չեմ խանդավառուիր Հայաստանի իշխանութիւններու այն լաւատեսութեամբ, թէ վերջին շրջանին Հայաստանի արտագաղթողներու թիւը նուազած է: Այս մասին համոզող¬չհամոզող լարախաղացային համարակալութեան ոճն ալ` թիւերու եւ համեմատութիւններու գաղտնիքները չեն յաջողիր պարզաբանել իրողութիւնը, քանի նուազումի, գումարումի, բազմապատկումի ու բաժանումի ձեւն ալ այնպէս կը ներկայացուի` որ միայն ներկայացնողը կը հասկնայ: Կը թուի, թէ նպատակն ալ այդ է: Հին խորհրդային օրեր յիշեցնող տոմարակալութիւն… Մեծամոլիկ վիպապաշտութեամբ վարակուելու պէտք չունինք սեւը ճերմակ եւ ճերմակը սեւ ներկայացնելու համար: Կան աւելի պարզ ձեւեր ալ, որոնք իրական վիճակը ցոյց կու տան:

Պատմութեան մէջ այն ժողովուրդները, որոնք նպատակ ունեցած են, ձայն ալ ունեցած են: Անոնք, որոնք նպատակ ունեցած չեն, ձայն ալ ունեցած չեն:

Անկախութիւնը, հայրենասիրութիւնը, յեղափոխութիւնը մարդակեդրոն փիլիսոփայութիւններ են: Հպարտ կը զգա՞նք մեր անկախութեամբ: Մեր անկախութիւնը ռուբլիով, տոլարով, թէ եւրոյով պիտի ըլլայ այսօր, կամ աւելի վերջ:

Անկախութիւնը նոր գաղափարներու պէտք ունի, եւ պէտք չունի. բայց վստահաբար պէտք ունի հին թէ նոր գաղափարաբանութիւններու: Կը թուի, որ լաւ չենք իւրացուցած այն, թէ անկախութիւնը ի՛նչ է: Գոնէ իւրացնենք, թէ ինչ չէ՛:

Դեռ քիչ մը եւս ժամանակ ունինք կարծես:

***

Մեր անկախութիւնը ղեկավարներու պակաս չունի թերեւս, այլ ղեկավարութիւններու: Հիմնուած կ՛ըլլայ ղեկավարներու եւ ղեկավարութիւններու ամբողջականութեան վրայ: Ան միայն մէկ ժամանակի համար չէ. հեռանկար ու մտապատկեր պէտք է ունենայ:

Անկախութեան օգտագործումը, շահագործում, կամ դեռ` ինչ որ ուզէք աւելցուցէք, կ՛ըլլայ: Չհասնինք տեղ մը, որ իբրեւ մեր բոլոր մտահոգութիւններու եզրակացութիւն ըսենք, թէ անկախութեան մեծագոյն թշնամին անկախութիւնն է: Արդար չէ: Զգուշ ըլլանք. անոր ճանաչումը կրնայ անգիտակ մարդոց շրջանակներ մղել շահագործումի անբարեյոյս եզրակացութիւններու:

Եկէք խնդրեմ, միասնաբար ճշդենք մեր անկախութեան յուսալի մեկնակէտին եզրը. եթէ պէտք է անկէ ալ ասդին, անկէ ալ անդին, անկէ ալ անդին երթալով:

Անկախութիւնն ու ստրկութիւնը կը համագործակցին մարդուն մէջ. նոր չէ. նորութիւն չէ. հին ժամանակներէն այդպէս եղած է, կամ ասոր պէս բան մը եղած է:

Եթէ անկախութիւնը փրկենք` անպատսպար չենք մնար. մենք ալ կը փրկուինք:

Ժողովուրդները պատասխանատու են իրենց անկախութեան համար: Պատմութեան մէջ միշտ այդպէս եղած է:

Ներկայ ժամանակներուն հայութիւնը իր անկախութիւնը կը պահէ տեսաբանական մակարդակներու վրայ: Անոր ընթացքը եւ 9 տասնամեակներու ընդմէջէն մեր կեանքը ընկալեց իբրեւ հանդէսներու, տօնակատարութիւններու եւ խնճոյք¬խրախճանքներու նախախնամական ժառանգութիւն: Այս եղաւ թերեւս անոր համար, որ պատմութեան ընթացքին մենք շատ ժամանակ եւ առիթներ չունեցանք հեղինակաւոր յաղթանակներ ունենալու: Գուցէ եւ ատոր համար ալ, արիւնահեղձ պարտութիւններուն ընդմէջէն բարոյական յաղթանակներու խորհուրդը փնտռեցինք, ապա պանծացուցինք, անոր` մեր դաւանած իմաստը տալով: Անկէ ծնաւ «բարոյական յաղթանակի» թելադրական իմաստին գաղափարը եւ ոգեշնչումը:

Անկախութիւնները պետութիւններու կը ծառայեն, ո՛չ ժամանակաւոր ու անցողակի կեանք ունեցող կառավարութիւններու, ո՛չ ալ կառավարութիւններէն աւելի երկար շունչ ունեցող կուսակցութիւններու: Կուսակցութիւնները անկախութիւններուն մէջ շունչ ու ներշնչում կը փնտռեն, շունչ կ՛առնեն ու շունչ կու տան, նաեւ իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար, սերնդակից երիտասարդութիւնը ներգրաւելու համար:

Երիտասարդներուն կը խօսի՞նք անկախութեան հունտերու ճշմարտութեան մասին. կը վերլուծե՞նք, կը մեկնաբանե՞նք պատմութեան խորքը: Եթէ աւելի խորը գիտնան` կը ճանչնան ճշմարտութիւն մը, որ աւելի վաւերական կը դարձնէ զայն: Վախնալիք բան չունինք: Սա կամ նա ձեւով անկախութիւնը ծախու չէ. չի գնուիր, չի վաճառուիր` ոչ ռուբլիով, ոչ տոլարով, ոչ եւրոյով: Չկրկնենք:

***

Որեւէ անկախութիւն չի կրնար ապրիլ առանց երազի:

Յաճախ կը խօսինք այդ երազի մասին, նոյնիսկ բարձրախօսներով, բայց խռպոտ ձայնով:

Հիները մասամբ սորվեցուցին երիտասարդներուն, թէ ինչպէս պէտք է իւրացնեն անկախութիւնը, բայց նորերը պէտք է սորվին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է որդեգրեն ու գործադրեն զայն:

Նոր սերունդը օր առաջ պէտք է հանդիպի անկախութեան գաղափարին հետ` երէկ, այսօր, վաղը. ու դեռ…

Սերունդներուն համար Մայիսեան հերոսական անկախութիւնը արդիւնաւոր կրնայ ըլլալ այն չափով ու սահմանով, որ անոնք հասկնան ու սիրեն քաղաքական դարձակէտի մը պատճառով յաջորդականօրէն ստեղծուած սեպտեմբեր 21-ի անկախութիւնն ալ: Առանց առաջինին` երկրորդը չէր գար: Անկախութեան ստեղծագործութիւնը շինարար ու արդիւնաւոր պէտք է ըլլայ: Անկախութիւնը կապ ունի ե՛ւ քաղաքացիական տեսաբանութեան, ե՛ւ քաղաքական փիլիսոփայութեան, ե՛ւ գաղափարաբանութեան, ե՛ւ իրապաշտութեան հետ: Անկախութիւնը լիովին ու լիարժէքօրէն արժեւորելը այնքան ալ գէշ բան չէ, քանի հայութեան իրական ու մնայուն արժէքներուն հետ կապ ունի. հոգ չէ, թէ զայն կերտող հերոսներուն նկարները չեն զետեղուիր ակումբներու սրահներուն, թէ վարժարաններու դասարաններու պատերուն վրայ:

Ո՞վ գիտէ, թերեւս անկիւն մը, մառանի մը մէջ նետուած ըլլան: Ի՛նչ ալ ըլլայ` լքուած են փոշիներու հնութեան արժէքին մէջ:

Կը թուի, թէ արժէքները փոշիներով ալ կ՛ըլլան, մանաւանդ: Վարժուինք:

Երէկի անկախութեան այսօրուան ձայնը իր ուժը կորսնցուցած է:

Անկախութեան տարեդարձները սքանչելի առիթներ են վերլուծելու համար մոռցուած շատ մը բաներ: Այդ մէկը ընելու համար սակայն, պէտք է յստակացնել, թէ ո՞վ է մեր իրական թշնամին:

Մեզմէ ոեւէ մէկը յաւակնութիւնը չունենայ, թէ մեր ապագան լիարժէքօրէն կը ցոլանայ մեր ներկային մէջ:

 

Աթէնք

Share this Article
CATEGORIES