Երիտասարդական Ոսպնեակ. Արամ Մանուկեանի Ազգային Պետական Մտածողութեան Հիմքը Ժողովրդասիրութիւնն Է (Մահուան 95-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Արամ-ՄանուկեանԻնչքան ալ փորձ կատարենք Արամ Մանուկեանի կենդանագիրը պահ մը տեղադրել զուտ անհատական պարունակի մէջ եւ անոր մահուան թուականը (19 յունուար 1919) բնորոշել իբրեւ այդպիսին, դժուար, չըսելու համար անկարելի կը թուի ըլլալ, պարզապէս որովհետեւ անոր սրբազան տիպարի յատկութիւնն ու ամբողջ հայրենապաշտի մտածողութիւնը էապէս առնչուած է իր ժողովուրդի ազգային պարունակին, դարաւոր երազներուն ու համամարդկային կերտուածքին:

Իսկ այդ շտեմարանին ամէնէն պայծառ, վսեմ ու արժանահաւատ ժամանակահատուածի թաւալքն ու հնչեղութիւնը, հայոց պարագային հանդիսացան մայիսեան փառահեղ յաղթանակները, որոնք ազգին վերադարձուցին գոյութենական պայքարի իմաստն ու տարողութիւնը, բայց մանաւանդ` հայօրէն ապրելու իրաւունքը:

Յիրաւի, յաճախ մենք մեզի հարց ենք տուեր, թէ կարելի՞ է միայնակ անձի մը ոգեղինացած ներկայութիւնն ու հայատրոփ շունչը ագուցել ամբողջ ժողովուրդի մը բազկերակին, միախառնել արեան բաղադրիչին, ընդելուզել հազարամեայ փառքին եւ հաւաքական ապրումներու կշռոյթին եւ ընդունիլ, անվերապահօրէն, թէ ազգերու հոգեմտաւոր թէ ցեղային առանձնայատկութիւններու պարունակէն շատ յաճախ դուրս կը ճայթքեն խտացուած, բիւրեղացած եւ ապարաժեայ հիւլէներ, որոնք ծնունդն իսկ են տուեալ ազգի մը վճիտ, խորիմաստ եւ ամրակուռ կերտուածքին, այո՛, եզակի կազմաւորումին:

Այլապէս ինչպէ՛ս հաւատալ ժողովուրդի մը տառապեալ ու եղերաբախտ, յուսալքեալ ու յուսախաբ, արիւնաքամ ու կոտորեալ վիճակէ մը անցումը դէպի ապագայակերտի ու ինքնահաստատման հանգրուան` պարզապէս ապաւինելով սեփական ուժի, կամքի ու հաւատամքի անխառն հասկացողութեան, եւ առանձնապէս շեշտադրումով միասնակամութեան ոգիի անժամանցելիութեան:

Եւ առհասարակ նման համայնական պատուաբեր պատուանդանին վրայ իր ուրոյն եւ անկրկնելի անունն է խարսխած Շուշիի զաւակ Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննէսեան), որուն հոգին կ՛ալեկոծէր դեռ պատանեկանի տարիներուն ի տես հայրենի աշխարհի աւերումին ու ժողովուրդի անասելի տառապանքներուն:

Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս գիտնար ու նախատեսէր ժողովուրդ մը ամբողջ, թէ Շուշիի թեմական վարժարանի աշակերտ Սերգէյը, ապա Երեւանի թեմական դպրոցը աւարտած ու հայրենասիրութեամբ տոգորուած դաշնակցական երիտասարդը, աւելի ուշ յեղափոխական տրամադրութեամբ եւ գաղափարական հասունութեամբ լիացած Արամ Մանուկեանը պիտի դառնար հայութեան սիրելին ու պաշտելին, երբ բոլորանուէր եւ անմնացորդ խանդավառութեամբ ան պիտի նետուէր պայքարի դաշտ` յանուն ժողովուրդի ազատութեան, բարօրութեան եւ հայրենիքի փրկութեան:

Ո՛ւր պէտք է փնտռել այն սրբազան գաղտնիքը նման հերոսի մը, որ հազիւ քսանամեայ տարիքին պիտի ստանձնէր այնպիսի պատասխանատուութիւններ, որոնք իրմէ ո՛չ միայն կը պահանջէին արիութիւն եւ յանդգնութիւն, թշնամիին դէմ կանգնելու պատրաստակամութիւն, գիտակցական ծառայութիւն, անխոնջ աշխատանքի եւ նուիրումի յանձնառութիւն, այլ նաեւ` ժողովուրդ մը ամբողջ կազմակերպելու եւ առաջնորդելու աստուածահաճոյ կարողութիւն:

1902-ին Պաքուի մէջ, արդէն կը տեսնենք ժողովրդասիրութեան եւ ազգային պահանջատիրական պայքարին Արամի մասնակցութեան նախաքայլերը, երբ ան ոգի ի բռին կ՛աշխատի դէմ դնել ռուսականացման քայլերուն եւ հայութեան դէմ նիւթուած սադրանքներուն:

Երկու տարի ետք Արամ կ՛անցնէր Կարս եւ հոն էր, որ հիմը կը դնէր իր կամքի տոկունութեան եւ կազմակերպչական տաղանդին: Կարսի հնոցին մէջ Արամ ցոյց պիտի տար այնպիսի ունակութիւն, շունչ ու կորով, որ հազիւ թէ մենք կարենանք նման հրաշալի եւ գերհզօր աշխատանք տեսնել դաշնակցական կեանքի առաջին տասնամեակներուն:

Կարսի մէջ էր, որ Արամի յեղափոխական, գաղափարական թէ հայրենասիրական ըմբռնումներուն ամբողջ փայլքին պիտի ծանօթանար հայութիւնն ու դաշնակցական իրականութիւնը: Անոր աշխատանքային ծիրը չէր սահմանափակուած տեղական ուժերու պատրաստութեան կամ դաստիարակչական աշխատանքի հունաւորումով, այլեւ դէպի Երկիր անցնող զինատար խումբերու եւ անհատ գործիչներու հոգատարութեամբ:

Այլ խօսքով, Կարսի մէջ Արամ պիտի դառնար հայութեան սիրտն ու ոգին, երբ ան պիտի վաստկէր ընկերական շարքերու թէ ժողովուրդի մը սէրը, յարգանքն ու անմնացորդ աջակցութիւնը:

ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր ժողովին (1907), Վիեննա, իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ան կ՛անցնէր Վասպուրական աշխարհ եւ այս անգամ Վանի մէջ պիտի ստեղծէր այնպիսի մթնոլորտ եւ տանէր հսկայական աշխատանք, որով ան պիտի կարենար փրկել հայութեան այս մասնիկը ստոյգ բնաջնջումէ` ցոյց տալով ազգային շունչի եւ մարտունակութեան, միասնականութեան, ծառայութեան եւ պետական մարդու բարձր գիտակցութիւն:

Բաւարար է լոյսին բերել Արամի նուիրուածութիւնն ու գործունէութիւնը Վանի մէջ, խորապէս հասկնալու համար անոր ժողովրդասիրութեան իմաստն ու գաղտնիքը: Փաստօրէն, թուրք բարբարոսութեան եւ ճիւաղային ծրագիրներուն քաջածանօթ դաշնակցական այս գործիչը կրցաւ այնպիսի ճարտարութեամբ եւ հեռատեսութեամբ կազմակերպել տեղւոյն հայութիւնը`փրկելով տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, որոնք անցան Արեւելահայաստան:

Անոր շնորհիւ կազմակերպուեցաւ ինքնապաշտպանական թէ զինուորական այնպիսի համակարգ, որուն նմանին հազիւ թէ մենք հանդիպինք հայդուկային թէ ժողովրդային կռիւներու ընթացքին: Փաստօրէն, շնորհիւ Արամի հմտութեան, բայց մանաւանդ ղեկավարելու առանձնայատկութեան Վասպուրական աշխարհի ամբողջ հայութիւնը կրցաւ մղել իր կենաց մահու ճակատամարտերը եւ փրկուիլ ստոյգ սպանդէ:

Ճիշդ է, որ 1915 ապրիլ¬մայիս ամիսներուն Արամ կը դառնար Վանի նահանգապետ, կը փաստէր իր ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը, ծունկի բերելով թուրք ու քիւրտ հորդանները, այդուհանդերձ, ան իր ժողովուրդին եւ իր զինակիցներուն հետ կ՛անցնէր Երեւան, ուր պիտի լծուէր ժողովրդական  աւելի լայն շրջանակի թէ պետական մակարդակի գործունէութեան:

1917 դեկտեմբերէն 1919 յունուար Արամ Մանուկեանի տիտանական աշխատանքի հաստատագրումն էր: Տեղական ուժերու թէ ընդհանրապէս հայութեան կազմակերպումին մէջ ան ցոյց տուաւ եզակի նուիրուածութիւն եւ ժողովրդասիրութիւն:

Ի՛նչ ըսել է, կոտորուած ժողովուրդի մը ծոցէն ծնունդ առնէ անհատ գործիչ մը, որուն դաշնակցականի պատկանելիութեան առընթեր ան իր մէջ խտացնէր ազգի մը դարաւոր երազն ու պայքարելու ոգին: Կարծես չէր բաւեր անոր ներկայութիւնն ու յստակատեսի կարողականութիւնները, եւ ան պարտադրուած իր շալակին առնէր տուեալ հանգրուանի ամբողջ ժողովուրդի մը գոյութենական պայքարի թէ լինել չլինելու ծանրութիւնը եւ նետուէր պատերազմի դաշտ` յանուն ազգի ու հայրենիքի փրկութեան:

Երեւանի սրտին մէջ հաստատուած այս գործիչը, շնորհիւ իր վաստկած մօտիկ անցեալի փորձառութիւններուն, այս անգամ պիտի դառնար կեդրոնական դէմքը եւ իր շուրջ հաւաքէր ազգային ու քաղաքական գործիչներ, երեւելիներ, հայդուկներ, զինուորականներ եւ բարձրաստիճան հրամանատարներ, որոնք միահամուռ եւ առանց երկմտանքի պիտի ենթարկուէին անոր հրահանգներուն եւ պատուով դուրս գային անհաւասար ճակատամարտերէ:

Յաճախ ընդգծուած է այն իրողութիւնը, թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել այն հզօր կարողութեան գաղտնիքը, ղեկավարելու ներուժը, յաղթանակ տանելու կամքը, բայց մանաւանդ` ամբողջ ժողովուրդի մը վստահութիւն ներշնչելու վեհափառ արժանիքը, եթէ ոչ այն բացարձակ ճշմարտութեան` ժողովրդասիրութեան մէջ, որով էապէս կը յատկանշուէր մեծն Արամ, տակաւին քառասուն տարիքի սեմին:

Անվարան պէտք է հաստատել նաեւ, որ, Արամ Մանուկեանի հեզահամբոյր, խոնարհ, քաջ ու մարդկային բարեմասնութիւններուն առընթեր, հայ կեանքի մէջ գոյութիւն ունէր հայդուկներու, զինուորականներու թէ քաղաքական գործիչներու  ստուար փաղանգ մը, որուն հայրենասիրական տոչորումներն ու հայրենիքին նուիրուելու պատրաստակամութիւնը նոյնքան գերազանց էին եւ անդիմադրելի:

Այս խօսքով, ճիւաղային թուրքին ու բարբարոս քիւրտին դէմ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ նետուած հերոսներու դիւցազներգութիւնը սոսկ կռիւներ չէին, այլ հրաշքի համազօր իրականութիւն, որով ազգը կրցաւ յաղթել եւ փրկուիլ գոյութենական մարտերու ընթացքին:

Միւս կողմէ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի թէ Ղարաքիլիսէի ճակատներուն վրայ կռուող ազատամարտիկներու թէ հրամանատարներու կորովն ու արիութիւնը ինչպէս պիտի բազմապատկուէր, եթէ երբեք անոնք իրենց հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ չխարսխէին հայոց տիքթաթորին յաւերժահունչ «Երեւանը չենք դատարկի» կանչը: Այս բարձրաղաղակ կանչին արձագանգին դիմաց խոնարհեցան հայոց լեռներու գագաթին թառած հայոց կամքի ու բազուկի աստուածութիւններն անգամ:

Հայութիւնը իր յաղթանակը տարաւ եւ վեհավառ Արարատի հայեացքին ներքեւ բարձրացուց եռագոյնը, հաստատագրեց իր ապրելու իրաւունքը եւ հայոց դարաւոր փառքին եւ ճշմարտականչ հաւատքին դիմաց ծունկի բերաւ թուրքն ու քիւրտը, որոնք այլապէս որոշած էին բնաջինջ ընել հայութեան մնացորդացը:

Եւ Արամ Մանուկեանի մեծութեան, ժողովրդասիրութեան եւ անմնացորդ նուիրուածութեան դիմաց ազգը խոնարհեց իր գլուխը` իբրեւ յարգանքի ու յաւերժ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:

Այսօր, հայրենի պետական մակարդակով ինչքան ալ ուրացման փորձեր կատարուին, եւ կամ ըստ էութեան չարժեւորուին Արամ Մանուկեանի նման հերոսներ, խորքին մէջ ոչինչ կրնայ շղարշել այն վճիտ իրողութիւնը, թէ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչը նոյնինքն Արամն է, այն դաշնակցական ֆետային, գործիչն ու պետական տիպարը, որուն շունչին ու կամքին իր վստահութիւնը տուաւ Սարդարապատեան օրերու հայութիւնը, կազմակերպուեցաւ ու յաղթեց թուրքին` ցոյց տալով առաքելատիպ հայդուկներու գերազանց ուժին անփոխարինելութիւնը:

Ճիշդ է, ամէն տարուան մայիսի 28¬ին հայրենի պետական գործիչներ թէ ժողովրդական զանգուածներ կ՛այցելեն մեծն Արամի շիրիմը` յայտնելու համար իրենց երախտագիտութիւնը, այդուհանդերձ, յապաղած կը թուին ըլլալ այնպիսի միջոցառումներ, որոնցմով ազգը պիտի վկայակոչէ իր բացարձակ հպարտութիւնն ու երախտագիտութիւնը անձի մը հանդէպ, որուն սիրտն ու հոգին միա՛յն հայութեամբ ապրեցաւ ու շնչեց, միա՛յն իր ազգին նուիրուելու վճռակամութեամբ բաբախեց, միա՛յն հաւատարմութեամբ գործեց, միա՛յն ազատատենչութիւն վարակեց, միա՛յն հայրենապաշտութիւն քարոզեց, բայց մանաւանդ` յաւելեալ կազմակերպուածութիւն եւ ժողովրդասիրութիւն պատգամեց:

Պէտք է միշտ վերյիշել, թէ ի՛նչ ժառանգած ենք ազգովին Արամերու սերունդէն, որոնք ազգին վերադարձուցին հայօրէն ապրելու գիտակցութիւնը, եռագոյն դրօշակ եւ ազգային քայլերգ ունենալու հպարտանքը, հայոց պետականութեան հիմքը վերահաստատելու կարողութիւնը, թուրքին դէմ կռուելու խիզախութիւնը, հերոսներու պաշտամունքը, հայկական բանակ ունենալու ներշնչումը, ազատ ու անկախ ըլլալու հրապոյրը, բայց մանաւանդ` մէկ ու միացեալ Հայաստան ունենալու երազը: Այո՛, դէպի ապագայ նայելու ներուժն ու հաւատամքի հաստատագրումը:

Ինչո՛ւ կը յամենայ յաճախ կրկնուած ու պահանջուած երազն ու կարօտը` հայրենի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տեսնելու մեծն Արամի կոթողը, իբրեւ հայ պետականութեան կերտման եւ ժողովրդասիրութեան անկրկնելի օրինակ եւ ազգային հարստութիւն:

Փաստօրէն, ի՛նչ կրնար ընել եւ չըրաւ քառասունամեայ (1879 ¬1919) այս մեծահոգի հայը, մարդկային ամէնէն ազնիւ եւ վեհ արժանիքներով օժտեալ հայդուկը, աննման յեղափոխական քարոզիչը, գաղափարական դաստիարակը, հոգիներու դարբինը, դաշնակցական նուիրեալը, ՀՅԴ Բիւրոյի պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավարն ու հայրենիքի թունդ պաշտպանեալը, հազարաւոր հայրենակիցներու ճակատագիրով տառապած ու մաշած այս առաքելատիպ տղան, որ  իր կարգին զոհ կ՛երթար բծաւոր տիֆէ եւ իր բոցավառ աչքերը կը փակէր առյաւէտ:

Այս մեծ երախտաւորին մահուան յիշատակին առջեւ հայութիւնը կրնայ միա՛յն հպարտանալ, ոգեւորուիլ, ներշնչուիլ ու աւելի հայանալ, յաճախակի այցելութիւններ տալով անոր Երեւանի անշուք, բայց սրբազան շիրիմին, եւ ծնրադիր յարգել հայոց փառքն ու պետութիւնը կերտած Արամ Մանուկեանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES