Մայիսեան Փառատօնի Առթած Հնչեղութեամբ Եւ Ուժգնութեամբ
Ո՞վ կրնայ հպարտութեամբ չլիանալ, երբ հեռուէն իսկ կը լսէ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագին կշռոյթները…
Ո՞վ կրնայ յոյսով չլեցուիլ, երբ կը տեսնէ թէկուզ դողդոջ, սակայն վճռական քայլերով տողանցող մոկլիները…
Ո՞վ կրնայ չյուզուիլ` ի տես իրենց տոտիկներով առնուած քայլերով գետինը ցնցել ուզող գայլիկներուն ու արծուիկներուն…
Ո՞վ կրնայ իր կուրծքին տակ չզգալ բերկրանքը վերապրած ազգի մը արժանի զաւակը ըլլալու, երբ կը տողանցեն արիներն ու արենուշները…
Ո՞վ կրնայ իր գլուխը չբարձրացնել եւ դէպի ապագայ յոյսով չնայիլ, երբ «դէպի երկինք սլանալու» տպաւորութիւն ձգող բարձրաճակատ գլուխներով ժողովուրդը կ՛ողջունեն երէցներն ու պարմանուհիները…
Ո՞վ կրնայ կերտուած յաղթանակներու յիշատակներով չօրօրուիլ եւ նորանոր յաղթանակներու երազով չտարուիլ, երբ ժողովուրդին հոգիներուն ուրախութիւնը կը փորձեն կարդալ ՀՄԸՄ-ական մարզիկները…
Ու տակաւին…
Ո՞վ կրնայ չփշաքաղիլ, չյուզուիլ` տեսնելով իւրաքանչիւր տողանցող աշակերտ, միութենական թէ հայորդի, որ կը տողանցէ`
«Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ
ԴՐՕՇ ԵՌԱԳՈՅՆ…»-ին հովանիին տակ, անոր ծառայելու եւ զայն մինչեւ Արարատի գագաթը ազատօրէն բարձրացնելու ուխտով:
Ո՞վ կրնայ այս բոլորը ապրելու, զգալու եւ իր կեանքին էջերուն մէջ անմոռանալի կերպով դրոշմելու առիթը զլանալ ինքնիրեն…
Գեղեցիկ եւ պատգամաբար սովորութեան վերածուած է իւրաքանչիւր մայիս 28-ին, երբ համայն հայութիւնը կը նշէ տարուած կարեւոր եւ ճակատագրական յաղթանակը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը իր շուրջ համախմբէ համայն լիբանանահայութիւնը` հայոց պատմութեան մէջ վառ կարմիրով արձանագրուած այդ հպարտալի տօնը նշելու եւ յաղթանակներու կերտման ի խնդիր ՀՄԸՄ-ի ուխտը վերանորոգելու նպատակով: Արդարեւ, մայիսեան յաղթանակի շունչով, յաղթանակներ կերտած հայկական հզօր բանակի հետեւողութեամբ ու անոր կշռոյթով, ՀՄԸՄ-ի մէկ անդամը ըլլալու հպարտութեամբ ամէն տարի կը տողանցեն լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր թուականներու հիմնադրուած ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու սկաուտները, մարզիկները, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մարզական միաւորները, նաեւ` մեր ապագան թրծող հնոցները հանդիսացող լիբանանահայ դպրոցներուն աշակերտները:
Տարիներու այս սովորութեան եւ ընդհանրապէս միութեան մասին ո՞վ աւելի խօսուն պատկերներ ու յիշատակներ կրնայ փոխանցել, եթէ ոչ` ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ հասակ նետած, միութեան ոգիով ապրած ու անոր ուխտին հաւատարիմ մնացած ՀՄԸՄ-ի երէց սերունդի անդամները:
Կիրակնօրեայ մեր սկաուտական հաւաքներուն եւ յայտագիրին մէջ մնայուն տեղ կը գրաւէին կարգապահական վարժութիւնները: Ակումբին չորս կողմէն կը լսուէին սուլիչով կամ խմբապետներու կտրուկ հրահանգները. «Ձա՛խ դարձ, ա՛ջ դարձ, քայլ առա՜ջ, օ՛ն…»: Հեռուէն լսողը անպայման պիտի ենթադրէր, թէ հոն պզտիկ զօրանոց մը կայ:
Այդ տարիքին անպայմանօրէն չէինք գիտեր կարգապահական վարժութիւնները յաճախ կատարելու կարեւորութիւնը, սակայն խմբապետները պարբերաբար կը կրկնէին.
– Հրահանգի ենթարկուելով` պիտի դառնաք աւելի կարգապահ:
– Վարժութիւն պիտի ունենաք ձեր կեանքին մէջ ճիշդ ձեւով քալելու:
– Տողանցքներուն ձեր կարգապահ եւ անթերի քալուածքով պիտի նմանիք բանակի զինուորներուն ու պիտի տպաւորէք մեր ժողովուրդը:
Սովորութիւն դարձած էր, որ մայիս 28-ին տեղի կ՛ունենար Մայիսեան փառատօնը, եւ որպէս հանդիսատես` փոքր հասակէս դիտած էի սկաուտական խումբերու հաւասարաքայլ տողանցքը, սակայն չէի գիտեր, որ օր մը ես ալ անոնց շարքերուն մէջ պիտի ըլլայի եւ հոն մնայի:
Ի վերջոյ հասաւ սպասուած օրը… Խումբին մէջ կային ինծի նման այլ նորեկներ եւս: Մեզի համար արտասովոր օր էր. ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը` իրենց սկաուտական եւ մարզական խումբերով, բոլորս հաւաքուած էինք դաշտին ետին: Տեղը արդէն նեղ կու գար բոլորիս. հաստատ` մեր թիւը քանի մը հազար էր:
Անհամբեր կը սպասէինք վերջին ազդանշանին, որ մեզ դուրս պիտի բերէր այդ նեղ անցքերէն…
Վերջին թելադրութիւններ եւս կը լսենք մեր խմբապետէն, եւ ահա փողերախումբը կը հնչեցնէ պատրաստի ազդանշանը: Մեր շուրջ կը տիրէ քար լռութիւն: Բնազդական շարժումով մը մեր ոտքերը կը շարժին յառաջ` ձախ ու աջ…
Փողերախումբը կ՛ուղղուի դաշտ: Կը լսենք բազմահազար ժողովուրդի անհատնում ծափողջոյնները: Տողանցքի յաջորդականութիւնը ճշդուած էր ընդհանուր խմբապետութեան կողմէ, դրօշակակիրներէն ետք առաջինը մենք էինք:
Առաջին անգամ էր, որ մեր ակմբային սովորական տողանցքի փորձերէն դուրս կը տողանցէի: Սրտի զարկերս փողերախումբի թմբուկին զարկերուն միախառնուած էին: Ընկերներս ու ես լաւապէս գիտէինք, թէ սխալիլը արգիլուած էր, պարտաւոր էինք նաեւ գլուխները ուղիղ պահել: Կը յիշեմ նաեւ օրուան խօսնակը, որ իւրաքանչիւր տողանցող խումբի հերթին կը խրախուսէր տողանցողները եւ կը ջերմացնէր մթնոլորտը: Երբ մեր կարգը հասաւ, գոչեց. «Ահա՛ կը տողանցեն հայկական գունդի առաջնորդները, որոնք օր մը անպայման արիաբար պիտի տողանցեն դէպի Արարատ առաջնորդող տողանցքը»:
Առաջնորդ դառնալու գաղափարը ականջիս զօրեղ հնչեց…
Հերթով շարուեցանք դաշտի ամբողջ տարածքին: Այդ օրերուն կա՛մ դաշտը պզտիկ էր, եւ կա՛մ մեր թիւը` շատ մեծ…
Յանկարծ լսեցինք «պատրա՛ստ» հրահանգը, եւ դաշտին վրայ գրեթէ ամէն ինչ անշարժութեան մատնուեցաւ. պիտի լսէինք օրուան պատգամախօսը, որ քիչ մը երկար խօսեցաւ: Հաւանաբար յոգնած էինք: Իր խօսքը տարազաւորներուն ուղղելով` ան ըսաւ. «Բանակի նախաճաշակն է համազգեստը, մեզի համար համազգեստը հայրենիքի հզօրանքն է, դուք մեր կամաւոր բանակն էք, ՀՄԸՄ-ը մեծ ակնկալութիւններ ունի ձեզմէ…»:
Այդ օրերուն արտասանուած խօսքը դժուար թէ ամբողջութեամբ հասկնայինք, սակայն վերջին նախադասութիւնը ուղեղիս մէջ գամուեցաւ ու կարծես կախարդեց զիս:
Կարճ ժամանակ ետք ըմբռնեցի, որ ՄԵԾ-ը ՀՄԸՄ-ն է, իսկ մենք` անոր ծառաները:
Որոշեցի մնալ տարազաւոր եւ գործել տարազաւորներուն համար:
ԿԱՐՊԻՍ ԳԱՊԱՍԱԳԱԼԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ը ինծի ամէն բան տուած է` հաւատք, սէր, յարգանք, կարգապահութիւն, վստահութիւն եւ բծախնդրութիւն: ՀՄԸՄ-ը հայակերտումի եւ մարդակերտումի իսկական վայրն է, իսկ եթէ իմ ուսուցչական ասպարէզիս մէջ յաջողութիւն գտած եմ, ապա անիկա կը պարտիմ ՀՄԸՄ-ին:
Ես հոգեպէս կրնամ ըսել եւ համոզուած եմ, որ բարձրացայ եւ բարձրացուցի` հաւատալով, որ առիթ պէտք է տալ բոլորին` ստանձնելու պատասխանատուութիւններ եւ շարունակելու ազնիւ աշխատանքը:
Ես տակաւին կը պահեմ տարիներ շարունակ իմ օգտագործած սուլիչս, գրեթէ մաշած կաշիէ գօտիս եւ տարազս. զանոնք ամբողջութեամբ մասունքի պէս պահած եմ, իսկ իմ կտակս է զիս իմ տարազովս թաղել, որովհետեւ իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ՀՄԸՄ-ը եղած է մարմնիս մէջ շրջան ընող ու սրտիս զարկերը կանոնաւորող արիւնը:
ՅԱՍՄԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Իմ յուշերէս ինչ որ ալ պատմեմ, պատմութեան սահմաններուն մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչինչ պիտի բերէ ՀՄԸՄ-ին, որ տարիներէ ի վեր ապրած է` հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն: Սակայն այս օրերուն ՀՄԸՄ-ական երիտասարդը պէտք է գիտնայ եւ լաւ ըմբռնէ, որ գալիք օրերուն ՀՄԸՄ-ի բարգաւաճումը շատ կարեւոր է: ՀՄԸՄ-ականը պէտք է գիտնայ, որ ՀՄԸՄ-ը ոգի է եւ ապրում, որ միշտ վառ պէտք է պահել, այլապէս կարելի չէ տոկալ ու ծառայել ՀՄԸՄ-ին: Դժուարութիւններ կան, սակայն զանոնք յաղթահարելու համար հզօր կամք պէտք է, որպէսզի կարելի ըլլայ միութեան զանազան մարզերը բարգաւաճ եւ յուսատու դարձնել:
Միշտ պէտք է աւելիին ձգտիլ եւ հեռանալ օտարամոլութենէ, իսկ արդիականացման այս դարէն պէտք է օգտուիլ` յառաջդիմելու համար եւ ոչ թէ ճամբէ շեղելու:
ՀՄԸՄ-ը պահողը ազգային զգացումն է եւ ոգին եւ ոչ թէ սկաուտական գիտելիքները: Եթէ ոգի չկայ, ապա ՀՄԸՄ չկայ, այլ` մեքենայականացած կեանք մը:
ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ը խորհրդաւոր զգացում է եւ կեանք, իսկ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը ՀՄԸՄ-ի ճիշդ նշանաբանն է, որ մարդկային գեղեցիկ ու հրաշալի ապրումներ կը ներշնչէ մեզի, մանաւանդ երբ մէկը միւսին եղբայր կը կանչէ. այդ մէկը խորիմաստ նշանակութիւն ունի ինծի համար, որովհետեւ այդ բառով է, որ կը բացատրուի ՀՄԸՄ-ականներուն միջեւ գտնուող հոգեկան աներեւոյթ կապը:
ՀՄԸՄ-ի անցեալի փառքին մասին պէտք է գիտնան նոր սերունդները եւ լուսաբանուին, թէ մարզական կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ը իբրեւ աստղ ու ախոյեան փայլած է Լիբանանի երկնքին վրայ ու բազմիցս փաստած է, թէ ինք հզօր մարզական միութիւն է եւ յաղթանակներ ապահովելու համար կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի` իր նուիրեալ մարզիկներով եւ երկրին մէջ ֆութպոլն ու պասքեթպոլը լաւ մակարդակի բարձրացուցած տղաներով ու աղջիկներով:
Մէկ խօսքով, ՀՄԸՄ-ը մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց մըն է, որ կը դաստիարակէ լաւ հայեր ու լաւ մարզիկներ:
ՀՄԸՄ-ը նման է այն կազմակերպութեան, որուն մէջ հանքերէն ելած հում նիւթերը կը վերածուին տարբեր տեսակի օգտակար տարրերու: ՀՄԸՄ-ը այն վայրն է, ուր մեր նորահաս հայ սերունդները լաւ մարդ ու լաւ հայ կը դառնան եւ կը դարբնուին ՀՄԸՄ-ի ոգիով ու դաստիարակութեամբ, ըլլան անոնք մարզիկ թէ սկաուտ:
Ամբողջ աշխարհին մէջ չկայ այլ կազմակերպութիւն մը, որ կը գործէ ՀՄԸՄ-ի նման: ՀՄԸՄ-ը ազգային մարզական միութիւն մըն է, որ կը գործէ ամբողջ աշխարհի տարածքին` հաշուելով 100 մասնաճիւղ: ՀՄԸՄ-ը իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տողանցող իր սկաուտներով, ինչպէս նաեւ փողերախումբին նուագած երաժշտութեան կշռոյթներով հոգեպարար մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ բոլորը կը յուզէ իր տիպար կեցուածքով, ազգային հզօր պատկանելիութեամբ եւ նուիրումի պատրաստակամութեամբ:
Մենք զօրաւոր երկրաշարժի մը պէտք ունինք: Պայքարող շունչի պէտք ունինք: Մենք պէտք է գուրգուրանք ՀՄԸՄ-ին` պահելու համար մեր երիտասարդութիւնը եւ մարդուժը, պայքարելով այլասերումին դէմ եւ ՀՄԸՄ-ը քաջալերելու շունչն ու մթնոլորտը միշտ վառ պահելու, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը կրնայ սաւառնիլ իր մարզական եւ սկաուտական թեւերով:
ԱՐԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այս կիրակի, 1 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ համայն լիբանանահայութիւնը կրկին ժամադրուած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հետ` ապրելու հպարտութիւնը մայիսեան յաղթանակին եւ լիանալու ՀՄԸՄ-ականներու երթին առթած յոյսով` վերահաստատելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետեւեալ խօսքը. «ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայութեան համար ընտանիք, աւանդութիւններու, սրբութիւններու եւ արժէքներու պահապան, եղաւ դպրոց, հայակերտման ու մարդակերտման առաքելութեան լծուած դարբնոց: Երբ ազատ ու անկախ Հայաստան չունէր հայութիւնը, ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայրենիք, եռագոյն դրօշակ, հայ ժողովուրդին իղձերը ապրեցնող կառոյց` օժտուած պայքարելու վճռակամութեամբ»:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

