Ապրիլ 24-Էն Մայիս 28 (Սարդարապատ)
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ապրիլին յաջորդեց մայիսը: 24-ին յաջորդեց 28:
Ջարդ, կոտորած ու տեղահանութենէն քանի մը տարի անցած, հայ հերոսներու արիւնով կերտուած անկախութիւն, ապա` դարձեալ օտարի լուծ: Վերստին անկախութիւն, այս անգամ` առանց արիւն թափելու. կարծես երկինքէն կարմիր խնձոր մըն էր, որ ինկաւ: Անգամուան մը համար բախտաւոր եղանք, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով վերատիրացանք մեր անկախութեան: Պայման չէ արիւն թափելը: Շատ արիւններ հոսած են: Եփրատ գետը կարմիր հոսած է: Կանաչ դաշտերը կարմիր ներկուած են:
2000-ի օգոստոսին առաջին անգամ ըլլալով ընտանիքիս հետ կ՛այցելենք երկրորդ անգամ անկախացած Հայաստանը` առանց մոռնալու մեր առաջին անկախութիւնը: 1918 մայիս 28:
Սարդարապատի ճակատամարտը: Հայաստանի հողին ամէն մէկ թիզը մասունք մըն է, սակայն Սարդարապատը սրբատեղի է: Խորհրդանիշն է մեր արիւնով կերտուած անկախութեան, շնորհիւ մեր աննման ֆետայիներուն` Գէորգ Չաւուշի, Սերոբ Աղբիւրի, որոնք իրենց արիւնով ներկուած եռագոյն դրօշին ծածանիլը չտեսան Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին վրայ: Անոնցմէ քանի մը բախտաւորներ տեսան, ուրախացան ու հպարտացան, սակայն աւա՜ղ: Քանի մը տարի միայն, ու ապա վրայ հասաւ խորհրդային լուծը:
Մեծ պետութիւննրու քմահաճոյքին ենթարկուած` Սան Սթեֆանոյի, Սեւրի, Լոզանի դաշնագիրներու յուսախաբութենէն հայ ժողովուրդը մէկ բան սորվեցաւ: Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ը:
Անհամբեր եմ այցելելու Սարդարապատ, որուն զանգերուն ղօղանջը եկեղեցական համերգ մըն է: Անկախութեան համերգ մը:
Արդէն հասած ենք: Սրտիս զարկերը կը լսեմ: Աչքերովս կը տեսնեմ այն վայրը, ուր տեղի ունեցաւ ճակատագրական հերոսամարտը: «Մահ կամ Ազատութիւն» նշանաբանով յառաջ վազեցին հայ կամաւորները: Ետդարձի կամուրջները այրած էին: Կարծես ներկայ եմ: Կողք կողքի կը տեսնեմ` Դրոն, Սասունին, զօրավար Նազարբեկեանը, Անդրանիկը: Անհամբեր եմ լսելու զանգակներուն ղօղանջը, սակայն մեր չար բախտէն երեկտրականութիւնը անջատուած է: Չեմ ուզեր մեկնիլ այդ սրբավայրէն, մինչեւ չլսեմ այդ զանգակներու շարականը: Պահակ պաշտօնեան շատ լաւ կը հասկնայ հոգեվիճակս: Ձեռքը ուսիս դնելով` «Ախպե՛ր ճան, հէնց երկու քայլ անդին գնա ու վայելիր Սարդարապատի թանգարանը: Վերադարձիդ կարծում եմ հոսանքը եկած կը լինի»:
Կը մտնենք թանգարան: Մանկամարդ կին մը, հմուտ պատմագէտ, այնքան մանրամասն կը ներկայացնէ ամբողջ շրջանի մը պատմութիւնը: Կարծես դպրոցական օրերս վերադարձած են: Հայոց պատմութեան պահն է եւ ուշադիր աշակերտի մը նման չեմ ուզեր բառ մ՛իսկ փախցնել իր խօսքերէն: Կը խոստովանիմ, որ դպրոցական օրերուս այնքան ուշադրութեամբ չեմ հետեւած մեր պատմութեան: Կը վերյիշեմ կարգ մը դէպքեր: Կը լսեմ նոր մանրամասնութիւններ, որոնք վստահաբար մեր ուսուցիչը` պր. Փամպուքեան պատմած էր ժամանակին, սակայն մենք դժբախտաբար կարեւորութեան չէինք առած ամենակարեւոր պահը: Հայոց պատմութիւնը:
Հայոց պատմութեան «դասս» շատ լաւ սորված` կը վերադառնանք յուշարձան: Պաշտօնեայ պահակը ժպտուն դարձեալ կը դիմաւորէ մեզ: Ժպիտէն յայտնի է, թէ լաւ լուր ունի հաղորդելիք: Պիտի կարենանք լսել Սարդարապատի զանգակներուն շարականները:
Անմիջապէս կ՛անցնի գործի, ու Սարդարապատի «Անլռելի զանգակները» կը լեցնեն աշխարհը: Կարելի՞ է երեւակայել աւելի հաճելի երաժշտութիւն մը:
Երկու առիւծներուն միջեւ, Սարդարապատի 12 զանգակները Կոմիտասի մեղեդիները կը հնչեցնեն:
Անկախութեան մեղեդիներ:
«Հայ բանակը կատաղի թափով կը յառաջանար գլխաւորաբար երկաթուղիով, իսկ կամաւորական խմբերու հեծելազօրքը կ՛աշխատէր կտրել թուրքերու նահանջի ճամբան»:
«Ջախջախիչ բռունցք մը, որ չէր ուզեր կանգ առնել եւ շարունակել վերագրաւելու հայկական հողերը…
Ի՜նչ յափշտակութեամբ բազմիցս կարդացած եմ Մալխասի «Զարթօնք»-ի մէջ այս տողերը, ուր կը նկարագրէ Սարդարապատը, զինուորական վրանները կողք կողքի: Աչքերուս չեմ հաւատար: Տարիներ ետք նոյն վայրին մէջ եմ: Կարդացած ժամանակս միայն կ՛երեւակայէի, իսկ այժմ երեւակայութիւն չէ: Ի՛մ իսկ աչքերովս կը տեսնեմ: Կը քալեմ Սարդարապատի հողին վրայ: Այն վայրը, ուր տեղի ունեցած է մահ ու կենաց ճակատամարտը, եւ որուն միջոցով տիրացած ենք մեր հայրենիքին, դժբախտաբար` միայն մէկ փոքր մասնիկին: Բազմիցս մտիկ ըրած եմ «Սարդարապատ» սքանչելի երգը, իսկ այս վայրկեանին ոտքերուս տակ կը զգամ Սարդարապատի հողը:
Խմբովին կ՛երգենք:
Զանգե՜ր, ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար պատից:
Սերունդնե՜ր, դուք ձեզ ճանաչէք:
Սարդարապատից:
Բարձր տրամադրութեամբ կը բաժնուինք Սարդարապատէն: Բաւական հեռացած ենք, սակայն ժամերով ականջիս մէջ են զանգերու ղօղանջը ու մտքիս մէջ նոյն յանկերգը կը շարունակուի: Զանգե՜ր, ղօղանջէք…
Յաջորդ օր Վանաձոր ենք: Հիանալի հանրային պարտէզ մը, սակայն` աներեւակայելիօրէն անխնամ ձգուած: Խումբ մը պատանի աշակերտներ իրենց ուսուցչուհիներով սրտիս շատ խօսող քերթուածի մը փորձերը կ՛ընեն:
«Հասուն հասկերի շողը նարնջագոյն,
եւ վեց դարերի խաւարի վրայ… ԴՐՕՇ ԵՌԱԳՈՅՆ»
«Չեղաւ,- կը միջամտէ ուսուցչուհին,- Աւելի ապրումով»:
Դարձեալ կը կրկնեն: «Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ… ԴՐՕՇ ԵՌԱԳՈՅՆ»
«Աւելի լաւ է, սակայն շեշտը պէտք է դնէք «վեց»-ին վրայ, ու «դրօշ եռագոյն»` հատիկ հատիկ: Բանաստեղծութեան ամենակարեւոր մասն է: Մեր հայկական դրօշն է էլի…»:
«Մեր հայկական դրօշն է էլի», մտքով կը կրկնեմ, եւ ինքնաբերաբար ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի դէմքիս վրայ, իսկ աչքերէս վար կը սահին քանի մը կաթիլ արցունք: «Մեր հայկական դրօշն է էլի», անդադար կը կրկնեմ մտովի: Ժամանակին` եռագոյնի հաւատացողները Սիպերիա կ՛աքսորուէին, բանտերու մէջ կը հիւծէին: Մէկ օրէն միւսը եռագոյն դրօշը, իսկական հայկական դրօշը դարձաւ, ողջ հայութեան դրօշը: Նոյնիսկ սփիւռքի մէջ «Եռագոյնը թանգարանի կը պատկանի» ըսողները այսօր իրենց հաստատութիւններուն վրայ եռագոյնը կը ծածանեցնեն:
Ճիշդ է, որ նոր ապրիլ 24-եր տեղի կ՛ունենան մինչեւ օրս, սակայն պէտք չէ մոռնանք նաեւ նոր մայիս 28-երը, երբ Արցախի մեր հերոսները ազատագրեցին Շուշին, Ստեփանակերտը եւ Ղարաբաղի մեծ մասը: Ունեցանք նոր հերոսներ: Նոր նահատակներ: Սերոբ Աղբիւրի ու Գէորգ Չաւուշի կողքին ունեցանք Մհեր Ջուլհաճեան, Թաթուլ Կրպէեան:
Հասած ենք Ապարան: Կ’այցելենք Դրոյի գերեզմանը: Աճիւնները նոր փոխադրուած են: Հողակոյտ մըն է: Տակաւին դամբարան չէ կառուցուած: Ծաղիկ կը զետեղենք մեծ հերոսի շիրիմին, եւ մեզ առաջնորդող անձը, որ լաւ ձայն ունի, իմ խնդրանքովս կ՛երգէ Դրոյի երգը:
«Սեւ արծիւի պէս մոլոր, օտար ափերում
Դրոն հողին կարօտ, մտաւ յաւերժ քուն»:
Քսաներորդ դարու մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք երկու անմոռանալի թուականներ:
Ապրիլ 24 եւ մայիս 28:
Հայ ժողովուրդը երկու ճամբաներէն մէկը միայն կրնայ ընտրել: 24-էն 28, կամ` 28-էն 24:
Առաջին ընտրութիւնը յստակ է, թէ ո՛ւր կը տանի, իսկ երկրորդը` մայիս 28-ի անկախութենէն ետք կամովի ապրիլ 24, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի կորուստ: Ճերմակ ջարդ, որ շատ աւելի վտանգաւոր է, քան` կարմիր ջարդը:
Մենք մեր ձեռքով, կամովին, ճերմակ ջարդով, մայիս 28-ը չվերածենք ապրիլ 24-ի: Ինչ որ թուրքը չյաջողեցաւ գործադրել կարմիր ջարդով, չ՛օժանդակենք մեր թշնամիին ճերմակ ջարդով:
Անվարան քալենք ապրիլ 24-էն դէպի մայիս 28:
Վերջնակա՛ն մայիս 28:
«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ, որ ինձ, ետուր արեւ»:
Լոս Անճելըս 2014

