Ե՞րբ Է Սուրիոյ Մայիս 28-ն

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

2066093995_c9194421e3_b«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար»:

Մայիս 28-ով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար անկիւնադարձային ու պատմական նոր էջ մը կը բացուի: Մայիս 28-ով վերջ կը դրուի դարերու անիշխանութեան, անապահովութեան, տառապանքին, հալածանքին ու դժուարութիւններուն, եւ հիմը կը դրուի անկախ պետականութեան, ինքնիշխան հաւաքականութեան: Մայիս 28-ն կը կերտուի` շնորհիւ ազգասէր ու հայրենանուէր առաջնորդներու, ղեկավարներու, ֆետայիներու, մարտիկներու, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ մայրերու խիզախ զոհողութիւններուն:

Մայիս 28-ի 94 -ամեակը նշելու պատրաստուող սուրիահայութիւնը, որ հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական ճնշող ու դժուարին պայմաններուն` կը շարունակէ ամէն գնով կանգուն պահել ազգային ու հաւաքական կեանքը, շատ բնական հարցում մը կ՛ուղղէ. երբ է Սուրիոյ մայիս 28-ն:

Նախքան Սուրիոյ Մայիս 28-ի հաւանական թուականին մասին խօսիլը` կ՛արժէ անդրադառնալ այն երեւոյթին, թէ ի՛նչ նշանակելու է մայիս 28 Սուրիոյ համար: Բնականաբար, Սուրիան ուրիշի տիրապետութեան տակ կամ դարերէ ի վեր իշխանազուրկ եղած երկիր մը չէ, ինչպէս որ էր Հայաստանը 94 տարիներ առաջ, սակայն Սուրիան այսօր կը մղէ միեւնոյն պատերազմը, որ Հայաստանի ժողովուրդը մղեց 1918-ին:  Սուրիան այսօր կը պատերազմի հիմնականին մէջ պահելու համար իր անկախութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը, սուրիական ընկերային համակեցութեան եղբայրական դրուածքը ու մանաւանդ արգիլելու համար նոր Միջին Արեւելքի մը ստեղծման գաղութատիրական ու բռնատիրական ծրագիրները:

Աւելի՛ն. 1918-ին Հայաստանի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին իրավիճակը շատ նման է Սուրիոյ մերօրեայ ժողովուրդին: 1918-ին Հայաստանի մէջ համատարած սով, հիւանդութիւն, աղքատութիւն, անգործութիւն կը տիրէր, երկիրը լեցուած էր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներով, իսկ այսօր Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ սուր տագնապ կայ` ջուրի, ելեկտրականութեան, բնակարանի, ապահովութեան, դեղորայքի, մէ՛կ խօսքով` ապրելու կենսական պէտքերուն: Օրին Հայաստանի մէջ տասնեակներու քաջարի կեցուածքներուն ու թափած արեան շնորհիւ յաղթանակ ապահովուեցաւ, իսկ այսօր Սուրիոյ ժողովուրդին դիմադրութեան ու անգնահատելի զոհողութիւններուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ սուրիական մայիս 28-ն կերտել:

Գալով հաւանական սուրիական մայիս 28-ի թուականի ենթադրութեան, ըստ երեւոյթին ո՛չ ոք կրնայ ստոյգ ժամանակ ու թուական մը նշել սուրիական պատերազմի կամ առհասարակ սուրիական տագնապի աւարտին մասին: Ամէն պարագայի, այդ թուականին ճշդումը կախեալ է քանի մը ազդակներէ: Միջազգային գերտէրութիւններու բանակցութիւններու եւ արեւելումներու կողքին, Սուրիոյ մէջ զէնք բարձրացուցած զինեալներուն տրամադրուելիք զօրակցութեան մակարդակը, արտաքին ընդդիմութեան որդեգրելիք կեցուածքները, տարածաշրջանային զարգացումներու գործօնը, Իրանի` Արեւմուտքին հետ կնքելիք հիւլէական ուժանիւթի համաձայնութիւնը, Իրան-արաբական ծոցի երկիրներու յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային ուժանիւթային (կազ-քարիւղ) համաձայնութիւններն ու պայմանագրութիւնները, Թուրքիոյ ներքին հարցերու ընթացքը, Ուքրանիոյ խնդիրներն ու Ռուսիոյ դերակատարութիւնը, Սուրիական արաբական բանակին եւ պետական եւ ժողովրդական զինեալ խմբաւորումներուն գետնի վրայ արձանագրած ձեռքբերումները, այս բոլորը կարեւոր ազդակներ են Սուիրոյ պատերազմին աւարտը որոշելուն:

Վերջին ազդակին մէջ, անմոռանալի է դերը սուրիահայ այն բանակայիններուն ու սուրիահայութիւնը պաշտպանելու կոչուած տղոց, որոնք դաստիարակուած են Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի ու Բաշ Ապարանի «խենթ»-երուն օրինակով եւ կը ջանան «հնար գտնել»` կանգուն պահելու համայն սուրիահայութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES