Անդրադարձ. Պայքարը Յաղթական Է, Եթէ Վճռակամութիւն Կայ
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Մայիսեան յաղթանակներու ամսուան աւարտին հասած ենք արդէն: Բազմաթիւ առումներով շատ յատկանշական է այս ամիսը մեր պատմութեան մէջ: Ապրիլեան ողբերգական ամիսէն ետք, երբ հայ ժողովուրդին արեւմտեան հատուածը ամէն ինչ կորսնցուցած էր, մայիսը եկաւ, գէթ որոշ չափով, բայց ոչ ամբողջականօրէն, դարմանելու ազգի կորուստներուն վէրքերը:
Առաջին անգամ ըլլալով այս ամսուան ընթացքին հայ ժողովուրդը ազգովին դէմ դրաւ օտար կանոնաւոր բանակի եւ յաղթեց անոր Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի ճակատամարտերուն ընթացքին: Առաջին անգամ ըլլալով վերականգնեցաւ հայ բազուկի արժանապատուութիւնը, վերստեղծուեցաւ հայոց բանակը: Առաջին անգամ ըլլալով օտարներուն կողմէ բռնագրաւուած ու հայաթափուած հայկական քաղաք մը` Շուշին ազատագրուեցաւ, իր ամբողջ խորհրդանշականութեամբ: Եւ այս ամսուան ընթացքին էր նաեւ, որ վերականգնեցաւ վեց դարեր շարունակ կորուսեալ մնացած հայոց պետականութիւնը, որ այն խարիսխն է, որուն շնորհիւ միայն հայ ժողովուրդը, անհատապէս եւ հաւաքաբար, կրնայ լիիրաւ կերպով զարգանալ, բարգաւաճիլ եւ ստեղծագործել` աշխարհի վրայ ապրող եւ պետութիւն ունեցող այլ ազատ ազգերու նման:
Մայիսեան յաղթանակներու ամիսը վախճանաբանական ճշմարտութեան մը նման եկաւ ցոյց տալու, որ մահէն ետք կայ, յարութիւն, որ որքան ալ ազգովին կորուստներու մատնուած ըլլանք, եթէ հաւաքական կամքը ցուցաբերենք, եթէ անհրաժեշտ վճռականութիւնը ցոյց տանք, ապա վերյառնումը անխուսափելի է: Յայտնի է նշանաւոր առասպելին մէջ փիւնիկ թռչունի պարագան, որ ամէն անգամ ալ մոխիրներէն վերստին դէպի երկինք կը սլանար: Հայ ժողովուրդը թէ՛ արցախեան ազատամարտին ընթացքին, եւ թէ՛ մանաւանդ 1918-ի ճակատամարտերուն ընթացքին իրաւամբ կրցաւ մարմնաւորել փիւնիկ թռչունին կերպարը:
Ինչ որ իրագործուեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն ընթացքին, յաւելեալ լիցք կը հաղորդէ հայութեան ապագայ սերունդներուն, որ շարունակեն ազգային կորուստներուն դարմանումը: Անհրաժեշտ է միշտ նկատի ունենալ, որ կորսուած ու բռնագրաւուած հայրենիք մը կայ, որ հայութեան իղձերը անկատար կը մնան առանց Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու վերատիրացման: Ամբողջ Հայ դատի փիլիսոփայութիւնը կը խտանայ այս կէտին մէջ: Երբ կ՛ըսենք Հայոց ցեղասպանութեան հատուցում, անոր մէջ կ՛իյնայ բարոյական հասկացողութիւնը, նիւթական հասկացողութիւնը, բայց նաեւ հողային կորուստներու վերատիրացման հասկացողութիւնը: Այն, ինչ որ կը կոչուի հողահաւաք, որ ճամբան պիտի հարթէ տենչացուած ամբողջական Հայաստանի կերտման:
Ուրեմն տակաւին երկար ճամբայ կայ հայահաւաքի եւ հողահաւաքի ճամբուն վրայ: Եւ այդ հազարումէկ մղոննոց ճամբուն վրայ առաջին քայլը կը սկսի հողային պահանջատիրութեան իրաւական հիմքին որդեգրումովը` հայ քաղաքական մտքին կողմէ: Իրաւական այդ հիմքն ալ գոյութիւն ունի բարեբախտաբար, անիկա մեծ իրագործումներէն մէկն է Մայիս 28-ին հիմնադրուած Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան: Խօսքը այստեղ յստակօրէն կը վերաբերի Սեւրի դաշնագիրին, որ տակաւին կը ծառայէ իբրեւ հիմնական փաստաթուղթ` հայ ժողովուրդի ազգային պահանջները խտացնող:
Ներկայ ժամանակները, ըստ երեւոյթին, հայութեան համար դարձեալ մարտահրաւէրներու ժամանակներ են: Չենք ուզեր երբեք ուրանալ արձանագրուող իրագործումները եւ ձեռքբերումները, բայց ակնյայտ է նաեւ նահանջ մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Թիւ մէկ խնդիրը կը մնայ այդ նահանջի կանխումը` նախ եւ առաջ ամրացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, հզօրացնելով հայ ազգի եւ հայկական պետականութեան լինելութեան երաշխիքը հանդիսացող հայոց բանակը, կանխելով մեծ չափերու հասած եւ երկիրը արիւնաքամ ընող արտագաղթը, զօրացնելով հայրենի տնտեսութիւնը` շեշտը դնելով արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան վերականգնման վրայ, բարելաւելով ժողովուրդին ընկերային վիճակը:
Ամէնէն կարեւորը սակայն այն է, որ այս նորագոյն մարտահրաւէրները պէտք է դիմագրաւուին այն նոյն վճռակամութեամբ, որով կերտուեցան մայիսեան յաղթանակները 1918-ին եւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին: Պայքարը յաղթական է, երբ վճռակամութիւն կայ, երբ սուգը վերջ կը գտնէ, երբ մեր հոգիներուն մէջէն վերցուցած կ՛ըլլանք պարտուածը բարդոյթը: Այն ժամանակ է միայն, որ ոչ միայն յաղթահարած կ՛ըլլանք մերօրեայ մարտահրաւէրները, այլ նաեւ իրապէս հարթած կ՛ըլլանք Մայիս 28-ն կերտած երախտաւորներուն մեծ երազին ճամբուն` դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

