Մայիս 28-ի Նշումը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կիրակի, 25 մայիսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ` 1918 մայիս 28-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ի խնդիր իրենց արիւնը թափած նահատակներու հոգիներուն համար: Գոհաբանական մաղթանքին եւ հոգեհանգիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ս. պատարագէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ Մայիս 28-ի առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` դպրեվանքի ժառանգաւորներուն կողմէ: Ապա յանուն միաբանութեան ուղերձ կարդաց Շնորհք աբղյ. Աշըգեան: Հայր սուրբը շեշտեց Մայիս 28-ի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մէջ, եւ այս առիթով միաբանութեան անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետի անուանակոչութիւնը:
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց վեհափառ հայրապետը: Ան ըսաւ, թէ «Մայիս 28-ը սովորական թուական մը չէ, ան կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ազատութեան տենչը, իր անկախութիւնը պաշտպանելու հաւաքական կամքը, ազատօրէն ապրելու իր վճռակամութիւնը: Այսպէս եղած է հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ա՛յս ոգիով, հաւատքով ու կամքով ան կեցուածք ճշդած է իր պատմութեան բոլոր բէլերուն ու յազկերտներուն դէմ»: Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառը ըսաւ, որ «ազատ ու անկախ ապրիլը ոեւէ անհատի ու ազգի աստուածատուր իրաւունքն է: Մարդկային իրաւունքները ըստ էութեան աստուածատուր իրաւունքներ են. ոեւէ անհատ կամ ազգ իրաւունք չունի խլելու ուրիշին իրաւունքը եւ բռնաբարելու ուրիշին անկախութիւնն ու ազատութիւնը: Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը իր հաւաքական «ոչ»-ը ըսած է իր անկախութիւնը բռնաբարող բոլոր ուժերուն դէմ»:
Անդրադառնալով ներկայ Հայաստանին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Շնորհիւ մեր ժողովուրդի ամուր միասնականութեան ու վճռակամութեան, մենք վերահաստատեցինք մեր հայրենիքի անկախութիւնը: Այսօր Հայաստանը իր անկախութիւնը առաւել ամրապնդելու ընթացքի մէջ է: Ճիշդ է, Հայաստանի մէջ թերութիւններ կան, փտածութիւնը կը շարունակուի. արտագաղթը կանգ չէ առած. ժողովուրդի կենսամակարդակը տակաւին կը մնայ ոչ գոհացուցիչ: Այս բացասական երեւոյթներուն դիմաց բնականաբար չենք կրնար անտարբեր մնալ: Անհրաժեշտ է, որ այս մտահոգիչ երեւոյթները վերանան մեր բոլորին հաւաքական աշխատանքով: Հայրենիքի հզօրացումը իւրաքանչիւր հայու ու ամբողջ հայութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ, ու հայրենիքը կը հզօրանայ հայրենաշինութեան նուիրական գործին մեր բոլորին մասնակցութեամբ»: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրակացուց ըսելով. «Մայիս 28-ը յուշարար մըն է մեր բոլորին` մեր հայրենիքի անկախութիւնը իբրեւ ազգային սրբութիւն պահելու ու պահպանելու»:

