Նախագահ Սլէյմանի Նստաշրջանի Աւարտով Լիբանան Կը Թեւակոխէ Նախագահական Դատարկութեան Հանգրուան

Հրաժեշտ` նախագահական պալատին

Հրաժեշտ` նախագահական պալատին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ, 24 յունիս 2014-ին աւարտեց նախագահական իր նստաշրջանը եւ առանց զայն երկարաձգելու մեկնեցաւ Պաապտայէն` Լիբանանը մատնելով նախագահական դատարկութեան Բ. հանգրուանի մը:

Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք առաջին անգամ ըլլալով նախագահական դատարկութեան յաջորդած նախագահ Սլէյման նախագահական պալատէն մեկնեցաւ նոյն անորոշութեամբ` թափուր ձգելով նախագահական աթոռը:

Վեցամեայ իր գործունէութիւնը աւարտած նախագահ Սլէյմանին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի եւ Ֆուատ Սինիորա, մեծ թիւով նախարարներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ պատասխանատուներու հոծ բազմութիւն մը: Հրաժեշտի ձեռնարկէն բացակայեցան Հըզպալլայի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Պաապտայի «25 մայիս» անուան դահլիճին մէջ իր արտասանած մեկնումի ճառին մէջ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ իր սահմանադրական պատասխանատուութիւններէն մեկնելով` ինք պիտի ստորագրէ յատուկ շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստերու արտակարգ ժամանակաշրջանի:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք բոլոր ժամանակներուն ընթացքին ճիգ չէ խնայած Լիբանանի գերագոյն շահերը պաշտպանելու:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութեանց սեմին, հետեւաբար անհրաժեշտ է վաւերացնել ընտրական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` պահպանելով խորհրդարանին իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կրնան արձանագրուիլ շարք մը միջադէպեր, որոնք կրնան կառավարութեան որդեգրելիք միջոցառումներուն արագ կարիքը ունենալ:

Ան շեշտեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ Լիբանան վաւերացնէ իր պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` իբրեւ լիբանանեան պետութեան կերտումի անհրաժեշտ հիմք: «Բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը կը մնայ պակասաւոր, եթէ կարելի չըլլայ երկրին գերիշխանութեան պահպանումը ապահովել եւ լիբանանեան պետութեան հակակշիռը բանեցնել` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

«Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը եւ լիբանանեան պետութիւնը` իբրեւ ամբողջութիւն, հրաւիրուած են ամրապնդելու ազգային երկխօսութեան սկզբունքը», հաստատեց ան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ օրէնսդիրներու կողմէ կազմուած յանձնախումբ մը մշակած է երկրին սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու յատուկ ծրագիր մը, որ պէտք է քննարկուի կառավարութեան կողմէ:

Նախագահ Սլէյման շաբաթ օր ուղղուեցաւ Եարզէի իր բնակարանը, իսկ յաջորդ օր ան ուղղուեցաւ Ամշիթ, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան:

Հարաւային Լիբանանի
Ազատագրման Տօնին Առիթով

Հարաւային Լիբանանի ազատագրման 14-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի երեկոյեան Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն մը` կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի:

Ձեռնարկին ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛աշխատէին երկարաձգելու նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նստաշրջանը եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

«Հետեւաբար մեզի դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւնները, թէ մենք խանգարած ենք նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, հիմնովին սխալ են, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան ջանքեր չկային, այլ` կար նախագահ Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանը երկարաձգելու նպատակ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկարաձգումի ծրագիրը ձախողած է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել եւ կը մերժեն այն բանաձեւումը, թէ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը պաշտպանէ Դիմադրութիւնը: «Լիբանանի Դիմադրութիւնն է, որ կը պաշտպանէ պետութիւնը, ժողովուրդը, երկիրը, գոյացութիւնը, պատիւը, գերիշխանութիւնը եւ արաբ ազգը: Մենք կ՛ուզենք նախագահ մը, որ Դիմադրութեան չդաւաճանէ եւ անոր կռնակէն չհարուածէ», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրումի Տօնը
Կը Նշուի Ղովմի Կուսակցութեան Կողմէ

Ղովմի կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 25 մայիս 2014-ին, Ժէլ էլ Տիպի «Օտէոն» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին նշումը, ներկայութեամբ` կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլայի, Ամալ շարժումի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզիի, Հըզպալլայի ներկայացուցիչ Ամմար Մուսաուիի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:

Իր խօսքին մէջ Ր. Աշգարեան զուգահեռներ գծեց հարաւի ազատագրումին եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադրութեան միջեւ` ընդգծելով, որ մայիսը յաղթանակի եւ կամքի վերանորոգման ամիս է:

 

Share this Article
CATEGORIES