Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Յետաձգուեցաւ 10 Յունիսին

Հաննա Ղարիպ` նստացոյցին պահուն
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ հրաւիրուած երէկուան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգուեցաւ երեքշաբթի, 10 յունիս 2014-ին` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:
Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով Հայկական երեսփոխանական պլոքը չմասնակցեցաւ երէկուան օրէնսդրական նիստին` մերժելով նախագահական դատարկութեան ընթացքին օրէնսդրական նիստեր կայացնելու սկզբունքը:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն արագացնելու իրենց հաղորդակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերացնել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները: Ան նշեց, որ այդ առումով կարիքը չկայ վերադառնալու խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստերուն, որովհետեւ օրինագիծը արդէն իսկ հասած է խորհրդարանի լիագումար նիստին:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը նախանցեալ երեկոյեան շարունակած է քննարկումները եւ պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները` համախոհութիւն մը գոյացնելու այդ թղթածրարին շուրջ, որովհետեւ անիկա ընկերային մարզին առումով կայունութիւն կը ստեղծէ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբերուն պաշտօնը այլեւս աւարտած է եւ այդ հարցը փոխանցուած է խորհրդարանի լիագումար նիստին: «Հետեւաբար անոր շուրջ խորհրդակցութիւնները կը կատարուին երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն միջեւ», ըսաւ Քանաան:
Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Ցոյց
Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կրթութեան նախարարութեան դիմաց կատարեց բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին սպառնաց պետական բոլոր հաստատութիւններուն աշխատանքը սառեցնել` հասնելով քաղաքացիական անհնազանդութեան հանգրուանին: Խորհուրդը խորհրդարանին պայմանաժամ մը ճշդեց մինչեւ 7 յունիս 2014` վաւերացնելու համար յաւելումներու թղթածրարը:
Պետական պաշտօնեաներու սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Հայտար յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնելու պարագային իրենք պիտի սառեցնեն պետական վարչութիւններուն եւ հաստատութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ պիտի արգելակեն պետական քննութիւններուն կայացումը:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ իր կարգին յայտնեց, որ խորհուրդը կառչած կը մնայ իր որոշումին եւ կը պահանջէ 121 առ հարիւրի իր իրաւունքը:
«Եթէ մեր իրաւունքները պիտի ոտնակոխուին, ապա դրամի կէտազգիները թող գան, կազմակերպեն եւ հսկեն պետական քննութիւններուն: Մենք ոչ միայն յանձնառու ենք մեր իրաւունքներուն, այլեւ` յանձնառու ենք աշակերտներուն ուսման», ըսաւ ան:
Պու Սաապ. «Պետական Քննութիւնները
Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին»
Կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ կէսօրին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն մեծ կարեւորութիւն ընծայելու եւ զանոնք նկատելու ազգային գերագոյն շահ:
Ան մաղթեց, որ մինչեւ 7 յունիս 2014 կարելի ըլլայ լուծել այս թղթածրարը, ապա Լիբանան մուտք պիտի գործէ այլ տագնապի մը մէջ, որուն լուծումը կրնայ բաւական բարդ ըլլալ:
Ան ընդգծեց, որ համալսարան յաճախելու իմաստով աշակերտներուն ճակատագիրը վտանգուած է:
Անդրադառնալով Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու որոշումին, որ կը սպասուէր կառավարութեան գումարած վերջին նիստին վաւերացնել, Պու Սաապ յայտնեց, որ այդ թղթածրարին վաւերացումը խանգարուած էր մետասաներորդ պահուն:
Պու Սաապ շեշտեց, որ պետական քննութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ այդ թուականները ուղղակիօրէն կապուած են Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի որոշումներուն:
ՄԻՒՍ կողմէ, Պըրրի խորհրդարանը 9 յունիս 2014-ին հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան յատուկ նիստի մը:

