Ֆրանչիսկոս Պապը Մեկնեցաւ Ս. Հողերէն

2405pope-francisՖրանչիսկոս պապը քրիստոնեայ, հրեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի քաղաքական դէմքերու հետ իր հանդիպումներէն ետք Ս. հողեր իր եռօրեայ այցելութիւնը աւարտեց:

Ան Բեթղեհէմի մէջ անակնկալ կերպով կանգ առաւ իսրայէլացիները պաղեստինցիներէն անջատող պատին մօտ եւ աղօթեց: Պապը իր այցելութեան ընթացքին յոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս պատրիարքին հետ հանդիպում մը ունեցաւ եւ անոր հետ աղօթեց Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ:

Ֆրանչիսկոս պապը նաեւ այցելեց Ողջակիզումի յուշակոթող «Եատ Վաշեմ», ուր այցելուներու գիրքին մէջ գրեց. «Երբեք նորէն, երբեք նորէն»: Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ողջակիզումէն վերապրածներու հետ, որոնց ձեռքերը համբուրեց:

Հռոմի եպիսկոպոսապետը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի խնդրանքով այցելեց Հերցել լեռը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց ահաբեկչութեան զոհերու յուշակոթողին առջեւ: Ան նաեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց սիոնականութեան հիմնադիր Թէոտոր Հերցելի գերեզմանին վրայ:

Պապը Ս. հողեր իր այցելութեան վերջին օրը ներկայ գտնուեցաւ 10 ձեռնարկներու եւ ունեցաւ հինգ հանդիպումներ, որոնց շարքին` Երուսաղէմի մեծ միւֆթի Մոհամետ Ահմետ Հիւսէյնի հետ: Ան ապա այցելեց Աքսայի մզկիթ: Ասիկա անոր պապ ընտրուելէն ետք մզկիթ իր առաջին այցելութիւնն էր: Ան մզկիթին առջեւ կանգնած բոլոր համայնքներուն կոչ ուղղեց Աբրահամէն օրինակ առնելու եւ հանդուրժողականութեամբ ու յարգանքով իրարու մօտ գալու: «Թող ոչ ոք բռնարարքներու ճամբով Աստուծոյ անունը չարաշահէ: Միասնաբար գործենք արդարութեան եւ խաղաղութեան համար», ըսաւ ան: Պապը երկուշաբթի օր նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի աւագ ռաբբիներ Եիցհաք Եոսեֆի եւ Տաւիտ Լաուի հետ:

Ֆրանչիսկոս պապը Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասն ու Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսը 6 յունիսին միասնաբար խաղաղութեան համար աղօթելու համար Վատիկան հրաւիրեց: Երկու կողմերը ընդունեցին հրաւէրը:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական դէպք մը, երբ Նեթանիահու լրագրողներուն առջեւ յայտարարեց, որ Յիսուս եբրայերէն կը խօսէր, իսկ պապը անոր խօսքը ընդհատելով սրբագրեց ըսելով` «արամերէն»:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս պապին հետ Ս. հողեր այցելեց նաեւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչը Ամմանի Մէջ
Մասնակցեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Դիմաւորութեան

Շաբաթ, 24 մայիս 2014-ին, Ամմանի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ դրան եպիսկոպոս) մասնակցեցաւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի դիմաւորութեան:

Յայտնենք, թէ վեհափառ հայրապետը Յորդանանի Ապտալլա թագաւորէն հրաւէր ստացած էր պապին Յորդանան այցելութեան անձամբ մասնակցելու:

Երուսաղէմէն ժամանած եկեղեցական ներկայացուցիչներուն մէջ էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան:

Թագաւորական պալատին մէջ, Ապտալլա թագաւոր բարի գալուստ մաղթեց սրբազան քահանայապետին եւ զայն իբրեւ «խաղաղութեան առաքեալ» ողջունեց: Ֆրանչիսկոս պապը իր այցելութիւնը իբրեւ ուխտագնացութիւն բնորոշեց եւ բարձրօրէն գնահատեց Յորդանանի համակեցութեան եւ համերաշխութեան ճիգերը:

 

Share this Article
CATEGORIES